ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ ԵՌՕՐԵԱՅ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

Եգիպտոսի մէջ ընթացք առաւ նախագահական ընտրութիւնը, որ պիտի երկարի երեք օրերու վրայ: Իրարու դէմ կը մրցին երկու թեկնածուներ՝ գործող նախագահ 63-ամեայ Ապտէլ Ֆաթթահ Սիսի եւ Ղատ կուսակցութեան ղեկավար Մուսա Մուսթաֆա Մուսա:

Քուէարկութիւնը կը կատարուի երկրի տարածքին գտնուող 11 հազար ընտրական կեդրոններու մէջ: Քուէարկելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն թիւն է 59 միլիոն:

Նախագահ Սիսի նախընթաց օր քուէարկեց: Ան չորսամեայ նախագահական առաջին նստաշրջանի աւարտէն ետք կը ձգտի երկրորդ նստաշրջանի մը համար վարել երկրի նախագահի պաշտօնը:

Մինչ այդ, եգիպտական ապահովական ուժերը մեծ թիւերով տեղակայուեցան քուէարկութեան կեդրոններուն ու կառավարական շէնքերուն շուրջ՝ ահաբեկչական որեւէ արարք կանխարգիլելու նպատակով 

Չորեքշաբթի, Մարտ 28, 2018