ՀԱՍԱՆՈՎԻ ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՅՑԸ

Կիրեսունի մէջ շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներուն եռակողմանի հանդիպումը։ Այս ձեւաչափին մէջ զանազան մակարդակներու վրայ շփումները թափ ստացած են վերջին շրջանին։

Մինչ այդ, եռակողմանի այս հաւաքին ընդառաջ, Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով այսօր պաշտօնական այցելութեամբ կը ժամանէ Թուրքիա։ Հիւր նախարարը Անգարայի մէջ շփումներ կ՚ունենայ շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 28, 2018