ՇԻՔԱԿՈՅԻ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՏՈՒՈՅ ՀԻՒՊԱՏՈՍՈՒԹԻՒՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ներս, Շիքակոյի մէջ հաստատուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոսութիւն մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս հիւպատոսարանի իրաւասութեան դաշտը կ՚ընդգրկէ Իլինոյ, Միսուրի, Այովա, Վիզքոնսին եւ Մինեսոթա նահանգները։ Պատուոյ հիւպատոսն է ամերիկահայ համայնքի յայտնի դէմքերէն Օսքար Թադոսեան։

Շիքակոյի կեդրոնին մէջ կը գտնուի Հայաստանի նոր հիւպատոսական ներկայացուցչութիւնը, ուր վերջերս տեղի ունեցաւ բացման պաշտօնական արարողութիւն մը։ Օսքար Թադոսեանի պաշտօնավարման սկիզբի ազդարարման հանդիսաւոր արարողութեան յաջորդեց դիւանագիտական ընդունելութիւն մը, որ սարքուեցաւ Շիքակոյի պատմական Union League Club-ի երդիքին տակ։

Ներկաները ողջունեցին Շիքակոյի քաղաքապետ Ռահն Էմանուէլ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննէսեան։ Հանդիսութեան ներկայ էին աւելի քան 400 հիւրեր, որոնց շարքին գտնուեցան Իլինոյ նահանգի քոնկրէսականներ, Շիքակոյէ ներս պաշտօնավարող օտարերկրեայ հիւպատոսարաններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ շրջանի բնակիչ ամերիկահայ համայքէն դէմքեր։

Հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Սմիթսոնեան հաստատութեան յատուկ ծրագրերու տնօրէն Հալէ Պատուին, որ ներկայացուց 27 Յունիս-8 Յուլիս թուականներուն Ուաշինկթընի մէջ կայանալիք Սմիթսոնեան «Ֆոլքլայֆ» փառատօնին Հայաստանի՝ որպէս յատուկ հրաւիրուած հիւր մասնակցութեան մանրամասնութիւնները։

Չորեքշաբթի, Մարտ 28, 2018