ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր երեկոյեան մասնակցեցաւ Յունաստանի ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։ Նորին սրբազնութիւնը այս առթիւ Պատրիարքական Աթոռին եւ մեր համայնքին անունով շնորհաւորութիւններ յղեց Իսթանպուլի մօտ Յունաստանի աւագ հիւպատոս Էվանկելոս Սեքերիսին։ Այս առթիւ աւագ հիւպատոսն ու իր ընտանիքի անդամներն ալ շնորհակալութիւն յայտնեցին նորին սրբազնութեան ներկայութեան ու բարեմաղթանքին համար։

Պաշտօնական ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ Յունաստանի հիւպատոսութեան Պէյօղլուի նստավայրին մէջ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 28, 2018