28 ՏԱՐԻ ՎԵՐՋ ԴԱՐՁԵԱԼ ՀԱՄԵՐԳ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

«Մոտերն թոլքինկ» նշանաւոր երաժշտական խումբը երէկ երեկոյեան համերգով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ։ «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու ընթացքին խումբը մեկնաբանեց իր երգացանկի կտորները, որոնք 1980-ական թուականներէն ի վեր յայտնի են երաժշտասէրներուն։

Ունկնդիրները ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին խումբը։ «Ողջոյն Երեւան։ Սա անհաւատալի է։ Շնորհակալ եմ ձեզի՝ այս երեկոյ այստեղ գտնուելու համար։ 28 տարի առաջ ես եղած եմ այստեղ։ Պատկերացուցէք, աւելի քան քառորդ դար։ Ուրախ եմ, որ վերադարձած եմ», ըսաւ խումբին մենակատարը՝ Թոմաս Էնտըրս։

Համերգի տեւողութեան սրահէն ներս ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։

Չորեքշաբթի, Մարտ 28, 2018