ՄԱՆՍՈՒՐԵԱՆ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆԻ ՀԵՏ

Հայ երաժշտութեան կենդանի առասպել մաէսթրօ Տիգրան Մանսուրեանի ծննդեան 80-ամեակին ձօնուած յոբելենական ծրագիրը ընթացքի մէջ է։ Ամբողջ տարուան մը համար մշակուած այս ծրագրի շրջանակէն ներս Երեւանի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ հերթական համերգը, որ խորագրուած էր՝ «Տիգրան Մանսուրեան Իսահակեանի հետ»։ Երեւանի Սենեկային երաժշտութեան տան երդիքին տակ այս առթիւ համերգով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Պետական սենեկային երգչախումբը՝ Ռոպերթ Մլքէեանի մականին ներքեւ։ Յոբելեարն ալ ներկայ էր ձեռնարկին։

Օրուան յայտագրին մաս կազմեցին Տիգրան Մանսուրեանի այն ստեղծագործութիւնները, որոնք յօրինուած են Աւետիք Իսահակեանի բանաստեղծութիւններու ներշնչումով։ 

 

Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2019