ՈՒՂՂԱԿԻ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ վաղը պիտի տեսակցին Վիեննայի մէջ՝ քննարկումներ ծաւալելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլին շուրջ։ Երկու ղեկավարներու հանդիպումը կազմակերպուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Վիեննայի վաղուան հանդիպման ընդառաջ, Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի խորհրդարանէն ներս նախընթաց օր յայտնեց, որ Ալիեւի հետ տեսակցութեան ընթացքին կարծիքներ պիտի փոխանակուին Արցախը բանակցութիւններուն ներգրաւելու հարցին շուրջ։ Պատասխանելով երեսփոխանի մը հարցումին՝ Նիկոլ Փաշինեան յիշեցուց մօտաւոր անցեալին Ստեփանակերտի մէջ ունեցած ելոյթը, որու առաջին կէտը կը վերաբերէր այս նիւթին։ «Կարելի է կանխատեսել՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկումները կ՚ըլլան նախապէս հնչած յայտարարութիւններու շրջանակներուն մէջ։ Այն, ինչ որ յայտարարած եմ Ստեփանակերտի մէջ, Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան խորհուրդներու համատեղ նիստին, սա, ըստ էութեան, այն օրակարգն է, որով մենք կ՚երթանք բանակցութիւններու, քննարկումներու եւ ըստ էութեան, սա այն հարթակն է, որու վրայ պիտի հիմնուի յետագայ բանակցային ամբողջ գործընթացը», ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խորհրդարանի ամպիոնէն։

Բաց աստի, Նիկոլ Փաշինեան մատնանշեց, որ առնուազն սկզբնական փուլին Ալիեւի հետ հանդիպումները պէտք չէ յստակ օրակարգ մը ունենան։ «Պէտք է ըլլայ հարցերու լայն շրջանակ եւ մենք ուղղակի պէտք է կարծիքներ փոխանակենք զանազան հարցերու շուրջ», ըսաւ ան։

Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի այս երկխօսութիւնը ծնունդ կ՚առնէ տարածքաշրջանի տեսակէտէ կարեւոր իրավիճակի մը մէջ։ Արդարեւ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի յարաբերութիւնները կը լարուին հետզհետէ եւ այս պայմաններուն ներքեւ ամերիկեան կողմը կը ձգտի տարածքաշրջանէ ներս Իրանի դէմ կլիմայ մը ստեղծել եւ նոր յարաբերութիւններ մշակել՝ այդ երկրին վրայ ճնշումները սաստկացնելու առաջադրութեամբ։ Այս առումով Ուաշինկթընի հաւանական գործընկերներէն մին կը համարուի Պաքու։ ԱՄՆ-ի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ճոն Պոլթընի Հարաւային Կովկաս կատարած այցելութենէն ի վեր այս խնդիրը միշտ օրակարգի վրայ է։ Զանազան քաղաքական մեկնաբաններ կ՚անդրադառնան համապատասխան վարկածներուն։ Հայաստանէն վերլուծաբաններ կը դիտարկեն, որ ամերիկեան կողմը կը փափաքի Ատրպէյճանի հետ որոշ քաղաքական գործարք մը իրականացնել ու պիտի փորձէ Հայաստանի հաշւոյն կատարել այդ մէկը։ Նիկոլ Փաշինեան իրերայաջորդ կը յայտարարէ, որ Լեռնային Ղարաբաղ պէտք է ներգրաւուի բանակցութիւններուն, սակայն ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները իրենց տարածքաշրջանային վերջին այցելութեան ժամանակ չայցելեցին Ստեփանակերտ, ինչ որ կ՚ըլլար նախապէս։ Մեկնաբաններ կը մատնանշեն, որ Ատրպէյճան ներկայիս կը հետապնդէ շատ յստակ խըն-դիր մը։ Ան պէտք է Ատրպէյճանը օգտագործէ Իրանի դէմ եւ այդ նպատակին հասնելու համար պէտք է կարողանայ քաղաքական որոշ նուէր մը տալ Ատրպէյճանին։ Դժուար չէ ենթադրել, որ այդ քաղաքական նուէրը կրնայ մատուցուիլ ի հաշիւ Հայաստանին։ Ուաշինկթըն Պաքուէն կրնայ ակնկալել կարեւոր զիջումներ՝ որպէսզի ան միանայ հակաիրանական համախոհութեան։ Զիջումներու հաւանականութիւնը բաւական տարբեր են։ Ատրպէյճանի մէջ կրնայ ամերիկեան ռազմախարիսխ մը ստեղծուիլ եւ այդ ռազմախարիսխը կրնայ գտնուիլ այն տարածքներուն մէջ, որոնք Իրանին սահմանակից են եւ մաս կը կազմեն Արցախի յարակից անվտանգութեան գօտիին։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Վիեննայի մէջ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպումներ կ՚ունենայ նաեւ Աւստրիոյ նախագահ Ալեքսանտր ֆան տեր Պելէնի եւ վարչապետ Սեպաստիան Քուրցի հետ։   

Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2019