ՓՔՔ-Ի ԴԷՄ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ

Թուրքիա կը շարունակէ յամառ պայքար մղել ահաբեկիչներուն դէմ՝ մանաւանդ թիրախաւորելով երկրի հարաւային սահմաններու երկայնքով տեղակայուած ՓՔՔ-ն։

Թուրք զինեալ ուժերն ու ՄԻԹ-ը նախընթաց օր համատեղ գործողութիւնով մը հերթական անգամ լուրջ հարուած հասցուցին ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութեան։ Քանտիլի լերան վրայ տեղակայուած ՓՔՔ-ի թիրախները ոչնչացուեցան ազդու գործողութիւնով մը։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, ՄԻԹ-ի անօդաչու սարքերը ահաբեկիչները հետապնդելով ճշդեցին անոնց գտնուած վայրերը, իսկ բանակի ռազմաօդանաւերն ալ ռմբակոծեցին այդ թիրախները։ Ֆ-16 կործանիչները մասնակցեցան այս գործողութիւններուն, որոնց ժամանակ սպաննուեցաւ ահաբեկչական կազմակերպութեան ղեկավարի անմիջական գործակիցներէն մին, նաեւ երեք կարեւոր պարագլուխներ։

Հանրապետութեան նախագահութեան հաղորդակցութեան բաժանմունքի պետ Ֆահրետտին Ալթուն երէկ այս գործողութիւններուն արձագանգելով ըսաւ. «Մեր պետութիւնը ահաբեկչութեն դէմ պայքարի մէջ դիւցազներգութիւն կը գրէ»։

Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2019