ՍՐԲԱՊԱՏԿԵՐԻՆ ԱՌՋԵՒ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ, նախընթաց օր Պալաթու Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ երդիքին տակ մատուցուած Ս. Պատարագին ժամանակ խօսեցաւ քարոզ մը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր պատգամը կը բովանդակէր հոգեւոր կարեւոր խորհրդածութիւններ եւ յորդորներ, որոնք ներկայ ծանր պահուն կրնան մեր ժողովուրդին համար կարեւոր խթան մը դառնալ՝ դիմադրութիւն ցուցաբերելու, չյուսալքուելու, համբերութեամբ տոգորուելու համար։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Նորին Ամենապատուութեան քարոզին ամփոփումը։
Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. Ամէն։
Հոգին Սուրբ եկեսցէ ի քեզ եւ զօրութիւն Բարձրելոյն հովանի լիցի ի վերայ քո։
Սուրբ Հոգին պիտի գայ քու վրադ եւ Բարձրեալի զօրութիւնը հովանի պիտի ըլլայ քու վրադ։ Այս խօսքերը Գաբրիէլ Հրեշտակապետը խօսեցաւ կոյս Մարիամին, երբ անոր աւետեց, թէ ինքը հրաշքով զաւակ մը պիտի ունենայ, աշխարհի փրկիչը պիտի ծնի իրմէ։ Մարիամ տակաւին չէր ամուսնացած եւ կը հարցնէր. «Ի՞նչպէս պիտի ըլլայ ասիկա։ Ես այր մարդ չեմ ճանչնար»։ Հրեշտակապետը ըսաւ. «Հրաշքով պիտի ըլլայ եւ այդ հրաշքը պիտի իրագործէ Աստուծոյ հոգին, որ քու վրադ պիտի գայ, հովանի պիտի ըլլայ եւ իր զօրութեամբ քու արգանդիդ մէջ առանց այր մարդու մը դուն զաւակ մը պիտի ունենաս եւ անիկա մեծ պիտի ըլլայ եւ անիկա փրկիչ պիտի ըլլայ մարդկութեան»։
Ուրեմն, սիրելիներ, այս խօսքերով հրեշտակապետը կը բացատրէ բոլոր հրաշքներու տրամաբանութիւնը. Աստուծոյ համար անկարելի բան մը չկայ։ Ամէն ինչ կարելի է Աստուծոյ համար, կը բաւէ, որ Աստուած կամենայ։ Ինչպէս որ ամէն ինչ իր խօսքով ստեղծեց ոչինչէն, պարզապէս արձակեց «եղիցի» խօսքը, այնպէս ալ բոլոր հրաշքները, բոլոր անկարելիները կարելի կը դառնան մարդուն համար, եթէ Աստուած կը միջամտէ եւ իր Սուրբ Հոգիով գործի կ՚անցնի։ Այսօր, ինչպէս կը տեսնէք՝ առանց վարագոյրի, բաց խորանի մը վրայ Ս. Պատարագ մատուցինք։ Պոլսոյ Պալաթ թաղի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ Չարխափան Ս. Աստուածածնի խորանն է ասիկա, աջակողմեան խորանն է մայր խորանին եւ այս նկարն ալ խորանի վրայ զետեղուած, ձեր տեսած հռչակաւոր հրաշագործ Մարիամ Աստուածածնի սրբապատկերն է։ Ուրեմն, չարխափան՝ չարը խափանողի իմաստով, Աստուածածնի ածականներէն մէկն է եւ այս պատկերի պատմութիւնը կը սկսի Արմաշի մէջ։ Այս պատկերը արդէն փաստած է իր հրաշագործ զօրութիւնը եւ նոյնիսկ ժամանակին Պոլիսէն մարդիկ կ՚երթային խուռներամ դէպի Պարտիզակ՝ իրենց ուխտը կատարելու համար։ Այնտեղ եկեղեցիներէն մէկուն մէջ հաստատուեցաւ, հրդեհ մը ծագեցաւ եւ այդ հրդեհէն ալ մազապուրծ փրկուեցաւ այս սրբապատկերը։ Անիկա առին եւ բերին Պոլիս եւ Պալաթու այս սուրբ եկեղեցւոյ մէջ զետեղուեցաւ։ Եւ անոր հանդէպ գուրգուրանքը եւ ժողովրդականութիւնը այնքան շատ էր, որ եկեղեցին որոշեց նոյնիսկ Մեծ պահքին, երբ մեր բոլոր խորանները կը փակուին, Մարիամ Աստուածածնի Չարխափանի այս սրբապատկերի խորանը միշտ բաց մնայ, եկողները դիմեն եւ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը խնդրեն, որպէսզի Աստուածածնէն, Աստուածամօրմէ բխող այս շնորհքը երբեք չխափանուի, մեզի հասնի։ Հետեւաբար մենք կրկին կու գանք այս սրբապատկերին առջեւ մեր աղօթքը բարձրացնել առ Աստուած՝ բարեխօս ունենալով սրբուհի Աստուածածինը։ Մենք կը հաւատանք սուրբերու բարեխօսութեան։ Այսինքն, մեռնողները մեզի համար մեռելներ են, Աստուծոյ համար ննջեցեալներ են եւ անոնք մեզմէ աւելի կենդանի են։ Այն սուրբերը, որոնք հրաշագործած էին այս աշխարհի մէջ ապրելու ատեն, մեռնելէ յետոյ կը շարունակեն իրենց այդ օրհնութիւնը բաժնել հաւատացեալներուն եւ կ՚աղօթեն մեզի համար, տակաւին կը բարեխօսեն։ Ուրեմն, այսօր մեր սրտի ծունկերուն չոքած Ս. Աստուածածնի առջեւ կու գանք եւ իր բարեխօսութիւնը կը խնդրենք այս քորոնաժահրի համաճարակին դէմ, որպէսզի իր զօրութիւնը ցոյց տայ եւ չարը խափանէ վերստին, որովհետեւ երբեմն մարդու ուժերը բաւարար չեն։ Մարդը շարունակ կը հանդիպի արգելքներու եւ թշնամիներու, սակայն եւ այնպէս, Աստուծոյ անտեսանելի ձեռքը եւ զօրութիւնը Սուրբ Հոգիի միջոցով հովանի թող ըլլան մեր բոլորին վրայ, որպէսզի Աստուած հրաշք գործէ եւ սանձէ այս վարակը, որպէսզի մարդկութիւնը իր դասերը քաղելով նոր սկիզբ մը ունենայ, մենք հասնինք քաղաքակրթութեան նոր որակի մը, որուն մէջ սէրը, հաւատքը, յոյսը տիրապետեն։ Մարդասիրութիւնը, սէրը, ներողա-մըտութիւնը, իրերօգնելը, ներելը՝ այս բոլորը դառնան մարդկային որակներ։ Իրապէս այս հիւանդութիւնը մեզ դժուարութեան մատնած է, մեզ արտասովոր ապրելակերպի մը դատապարտած է՝ մեր բոլորը բանտարկելով մեր բնակարաններու մէջ։ Ուրեմն, ասիկա ոսկի առիթի մը կրնանք վերածել, բախտառիթ սահմանում մը կրնայ դառնալ՝ երբ մենք մեր առանձնութիւնը կ՚օգտագործենք Աստուծմով լեցուելու, սուրբերով լեցուելու, Աւետարանի խօսքերով լեցուելու համար։ Այն ատեն կը հասկնանք, որ մենք աւելի մեծ ընտանիք մը ունինք՝ ո՛չ միայն ապրողներէ, նաեւ ննջեցեալներէ բաղկացեալ։ Եւ կեանքը յաւիտենական է ու մենք պարզապէս անցորդ, ճամբորդներ ենք այս աշխարհին վրայ։
Սրբուհի Աստուածածին Մարիամ այս քաղաքին հետ առընչուած է սկիզբէն ի վեր։ Երբ Մեծն Կոստանդինոս կայսրը՝ որպէս մայրաքաղաք կերտեց, այս քաղաքը նուիրագործուեցաւ սրբուհի Աստուածածնի անունով։ Երբ այս քաղաքի ամենամեծ տաճարը շինուեցաւ՝ Հակիա Սոֆիան, Այա Սոֆիան նուիրուեցաւ Ս. Աստուածածնին։ Ինքը պահապան սուրբն է այս քաղաքին։ Հետեւաբար մենք վերստին մեր աղօթքները կ՚ուղղենք Աստուածամօր, որպէսզի խնայէ այս քաղաքը բոլոր չարութիւններէն եւ իր ողորմած ձեռքը երկարէ մեր այս թշուառ աշխարհին՝ խաւարին դէմ, չարին դէմ, հիւանդութեան դէմ, որպէսզի աստուածային լոյսը մեզի փոխան-ցըւի։
Ուրեմն, սիրելիներ, մեր տուներուն մէջ նաեւ յատուկ աղօթքներ բարձրացնենք սուրբերուն եւ Աստուածամօր, յատկապէս Սուրբ Նարեկի աղօթքները՝ Աստուածամօր ուղղուած, մեր շրթներէն բարձրանան դէպի Աստուած, որպէսզի իր բարեխօսութեամբ մեզ այս աղէտէն փրկէ եւ մաքրագործէ մեր մարդկութիւնը վերստին։
Տէր, խօսքդ ըսէ՛, որպէսզի քու ծառադ աղէկնայ։