ԱՐՑԱԽԷՆ ՀԱՍԱԾ ԼՈՒՐԵՐԸ ՀԱՆԵԼՈՒԿԻ ՀԱՄԱԶՕՐ
Արցախէ ներս ստեղծուած մտահոգիչ կացութիւնը կը շարունակուի։ Ատրպէյճանի զօրքերը հրադադարը խախտելով ներխուժած են շփման գիծէն ներս։ Անոնք վերահսկողութեան տակ առած են այնպիսի տարածքներ, որոնք 44-օրեայ պատերազմին վերջ տուած հրադադարով կը գտնուէին ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան ներքեւ։ Ստեղծուած տագնապալի իրավիճակին մէջ շաբաթավերջին պաշտօնական յայտարարութիւնները իրարու յաջորդեցին։ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը Ատրպէյճանին կոչ ուղղեց դուրս բերել իր զօրքերը շաբաթավերջի դէպքերէն վերջ գրաւած նոր դիրքերէն։ Չյապաղեցաւ Պաքուի պատասխանը։ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կոչ ուղղեց, որպէսզի Ռուսաստան ապահովէ հայկական զինեալ կազմաւորումներու դուրս բերումը իր տարածքէն։ Պաքու խիստ արձագանգեց նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներէն Ուաշինկթընի վերաբերմունքին դէմ։ Երեւանի ղեկավարութիւնը եւս բարձրաձայնեց Մոսկուայի ուղղեալ ակնկալութիւններ, որպէսզի ռուս խաղաղապահները կատարեն իրենց առաջադրանքները։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս ռուս խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ իրագործուած բռնութիւնը նախապէս ծրագրուած էր։ Պաքուի քայլերը որակուեցան սիստեմաթիկ բռնութիւն եւ ահաբեկչական քաղաքականութիւն։ Ուստի, պաշտօնապէս ակնկալուած է, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղէ ներս Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբը յստակ ու տեսանելի քայլերու ձեռնարկէ իրադրութիւնը կարգաւորելու, նոր զոհերու եւ մարտական գործողութիւններու պատճառ չդառնալու համար։
Այս բոլորէն վերջ, Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի զօրքերը ետ քաշուած են իրենց ձեռք անցուցած վերջին դիրքերէն։ Այս լուրը անմիջապէս հերքուեցաւ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ այս առաւօտ պաշտօնապէս տեղեկացուց, որ կը շարունակուի Ատրպէյճանի ներխուժումը՝ Արցախէ ներս ռուս խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտի։
Աւելի ուշ Ստեփանակերտէն որոշ աղբիւրներ տեղեկացուցին, որ Փառուխ գիւղը այժմ կը գտնուի ռուս խաղաղապահ զօրախումբի վերահսկողութեան ներքեւ։ Քարագլուխ բարձունքի մէկ մասը կը շարունակէ մնալ Ատրպէյճանի զօրքերու վերահսկողութեան տակ։
Հակասական լուրերը վերածուած են իսկական հանելուկի։