ԴԱՓՆԻՆԵՐ ԵՒ ԾԱՓՈՂՋՈՅՆՆԵՐ

Համաշխարհային թատրոնի օրուան առթիւ երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը, որ համախմբեց թատերասէրներ եւ որու ընթացքին մեծարուեցան արուեստագէտներ։ Այսպէս, այս տարի եւս մարտի 27-ին տեղի ունեցաւ «Արտաւազդ» տարեկան մրցանակաբաշխութիւնը, որ 22-րդն էր իր նմաններու շարքին։ Հայաստանի Թատերական գործիչներու միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս հանդիսութիւնը, որու ընթացքին դափնեկիրները տողանցեցին ծափողջոյններու մթնոլորտին մէջ։ Երեկոյթը տեղի ունեցաւ «Յակոբ Պարոնեան» երաժշտական երգիծանքի պետական թատրոնին մէջ։

Հարկ է նշել, որ «Արտաւազդ» մրցանակաբաշխութիւնը այս անգամ ձօնուած էր երջանկայիշատակ արուեստագէտի մը՝ Վահէ Շահվերտեանի յիշատակին։

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2023