ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ «Միայնակ ընդդէմ ճակատագրի. ֆութպոլային դիւանագիտութեան յետնաբեմը» գիրքին շնորհանդէսը։ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն եւ շուրջ 15 տարի առաջուած ֆութպոլային դիւանագիտութեան ձօնուած գիրք մըն է այս մէկը, որու հեղինակն է Սամուէլ Ֆարմանեան։

Կը հաղորդուի, որ Երեւանի մէջ կազմակերպուած շնորհանդէսին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան, որու պաշտօնավարութեան տարիներուն տեղի ունեցած էին Անգարա-Երեւան առանցքի այն շփումները, որոնք պատմութեան սեփականութիւնը դարձան՝ որպէս ֆութպոլային դիւանագիտութիւն։ Սամուէլ Ֆարմանեան այդ շրջանին եղած էր նախագահ Սերժ Սարգսեանի մամլոյ քարտուղարը։

Մասնագիտութեամբ պատմաբան Սամուէլ Ֆարմանեան այդ ժամանակաշրջանի բանակցութիւններուն կապակցութեամբ կարեւոր աշխատութիւն մը դրած է հետաքրքիրներու տրամադրութեան տակ։ Հարկ է նշել, որ գիրքին մէջ կարգ մը նոր մանրամասնութիւններ ալ բացայայտուած են՝ բանակցութիւններու ժամանակ Սերժ Սարգսեանի կողմէ որդեգրուած դիրքորոշման եւ հետապնդուած նպատակներուն, օրակարգի վրայ բերուած տեսակէտներուն եւ սպասումներուն, ակնկալութիւններուն, պահանջներուն կապակցութեամբ։

Երեւանի մէջ կազմակերպուած շնորհանդէսի մասնակիցներու շարքին էին վերլուծաբաններ, Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութենէն գործիչներ, մտաւորականներ եւ բազմաթիւ հետաքրքիրներ։

«Նիւ Մակ» հրատարակչութեան կողմէ լոյս ընծայւած այս գիրքի ծանօթացման հաւաքոյթին ժամանակ ելոյթով մը հանդէս եկաւ հեղինակը՝ Սամուէլ Ֆարմանեան։

Հարկ է նշել, որ ձեռնարկի աւարտին նախագահ Սերժ Սարգսեան զրուցեց նաեւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Իր յայտարարութիւններուն մէջ ան հերթական անգամ հիմնաւորեալ ու ծանր քննադատութիւններ հասցէագրեց Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն դէմ։

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2023