ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԱՍՈՒԼԻՍ

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը սար­քե­ցին Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Հա­յաս­տա­նի մաս­նա­ճիւ­ղի տնօ­րէն Յո­վիկ Էօր­տէ­քեան, «DurDe!» հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան ղե­կա­վար Լե­ւենտ Շեն­սե­ւէր եւ Եւ­րո­պայի հա­կա­ցե­ղա­պաշ­տա­կան հա­սա­րա­կա­կան շարժման (EGAM) նա­խա­գահ Պեն­ժա­մէն Ապ­տան։

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, «DurDe!»ի, EGAM-ի եւ ՀԲԸՄ-Եւ­րո­պա­յի հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Իս­թան­պու­լի մէջ կը կազ­մա­կեր­պուին 24 Ապ­րի­լի ո­գե­կո­չում­նե­րը։ Այս ե­րեք կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը այս տա­րի եւս շա­րու­նա­կե­ցին ի­րենց տա­րած աշ­խա­տան­քը եւ ըստ ձե­ւա­ւո­րուած նա­խըն­թա­ցին՝ Իս­թան­պու­լի ո­գե­կո­չում­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լէ վերջ՝ ու­ղե­ւո­րուե­ցան դէ­պի Ե­րե­ւան։ Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լի­րին մէջ յի­շեալ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւորդ­նե­րը ի­րենց յար­գան­քի տուր­քը մա­տու­ցին Մեծ Ե­ղեռ­նի զո­հե­րուն նկատ­մամբ։

Ե­րէկ, ՀԲԸՄ-ի Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան կեդ­րո­նին մէջ սար­քուած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին Յո­վիկ Էօր­տէ­քեան Պեն­ժա­մէն Ապ­տան եւ Լե­ւենտ Շեն­սե­ւէր զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ զրու­ցե­ցին հայ-թրքա­կան հա­սա­րա­կա­կան երկ­խօ­սու­թեան հա­սած մա­կար­դա­կին եւ Թուր­քիոյ մէջ հայ­կա­կան հար­ցին շուրջ ծա­ւա­լուած քննար­կում­նե­րուն ա­ռըն­չու­թեամբ։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Լե­ւենտ Շեն­սե­ւէր ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին դի­տել տուաւ, թէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ հա­յոց տե­սա­կէտ­նե­րուն Թուր­քիոյ կող­մէ իւ­րա­ցու­մը կ՚են­թադ­րէ եր­կա­րա­տեւ գոր­ծըն­թաց մը, ո­րու ար­դիւն­քին էա­պէս պի­տի փոխուի թուրք ան­հատ­նե­րուն պատ­մա­կան գի­տակ­ցու­թիւ­նը։ Իր հա­մոզ­մամբ, Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ կա­տա­րուած Չա­նաք­քա­լէի մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն նա­խա­ձեռ­նու­թեան նպա­տակն էր ու­շադ­րու­թեան շե­ղա­ցու­մը, իսկ իր կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը փոր­ձած է ի­րա­կա­նաց­նել հա­կա­քայ­լեր։ Լե­ւենտ Շեն­սե­ւէր նշեց, թէ ի­րենց պա­հանջն է, ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ հա­յոց տե­սա­կէտ­նե­րուն Թուր­քիոյ կող­մէ պաշ­տօ­նա­պէս ըն­դու­նուի­լը եւ հա­տուց­ման վե­րա­բե­րեալ բո­լոր պա­հանջ­նե­րուն կա­տա­րուի­լը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2015