ՌԷՅՆՏԷՐՍԻ ԵՐԵՒԱՆԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ

Պել­ժիոյ Փոխ-վար­չա­պետ ու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Տի­տիէ Ռէյն­տէրս ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ ու­նե­ցած շփում­նե­րուն շրջագ­ծով հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ։ Ռէյն­տէրս ներ­կա­յիս միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Եւ­րո­խոր­հուր­դի Նա­խա­րար­նե­րու կո­մի­տէի նա­խա­գահն է։ Նա­խա­գահ Սարգսեա­նի հետ իր տե­սակ­ցու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ող­ջու­նե­լով բարձ­րաս­տի­ճան հիւ­րը Ե­րե­ւա­նի մէջ՝ Սերժ Սարգ­սեան ընդգ­ծեց, որ Հա­յաս­տան շա­հագրգ­ռուած է Պել­ժիոյ հետ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու շա­րու­նա­կա­կան զար­գաց­մամբ, ըլ­լա­լով բա­րե­կամ եր­կիր մը։ Հայ­կա­կան կող­մը մե­ծա­պէս կը կա­րե­ւո­րէ նաեւ Եւ­րո­խոր­հուր­դի հետ երկ­խօ­սու­թիւնն ու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը՝ Հա­յաս­տա­նէ ներս ձեռ­նար­կուած բա­րե­փո­խում­նե­րու հա­մա­տես­քին մէջ։ Սարգ­սեա­նի խօս­քե­րով, Հա­յաս­տան զգա­լի յա­ռա­ջըն­թաց ար­ձա­նագ­րած է թէ՛ որ­պէս ԵԽ-ի ան­դամ՝ պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րու, եւ թէ ան­դա­մակ­ցու­թեամբ ստանձ­նուած յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րու կա­տար­ման գոր­ծըն­թաց­նե­րէն ներս։ Այ­դու­հան­դերձ, տա­կա­ւին ի­րա­կա­նա­ցուե­լիք բա­ւա­կան աշ­խա­տանք կայ ու եր­կի­րը հաս­տա­տա­կամ է շա­րու­նա­կե­լու բա­րե­փո­խում­նե­րը։

Սերժ Սարգ­սեան զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան Տի­տիէ Ռէյն­տէր­սին յա­ջո­ղու­թիւն­ներ մաղ­թեց ա­նոր ստանձ­նած կա­րե­ւոր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը՝ ԵԽ-ի Նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դի նա­խա­գա­հու­թիւ­նը յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ւար­տին հասց­նե­լու համար։

Շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով բա­րե­մաղ­թանք­նե­րուն եւ ջերմ հիւ­րըն­կա­լու­թեան հա­մար՝ Ռէյն­տէրս ընդգ­ծեց, որ չա­փա­զանց բարձր կը գնա­հա­տէ Հա­յաս­տա­նի հետ ար­դիւ­նա­ւէտ ու սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Ան գո­հու­նա­կու­թեամբ խօ­սե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ ու­նե­ցած պաշ­տօ­նա­կան շփում­նե­րուն մա­սին եւ ա­ւել­ցուց, թէ իր գնա­հատ­մամբ՝ թէ՛ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եւ թէ Եւ­րո­խոր­հուր­դի շրջա­նակ­նե­րէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը գե­րա­զանց են։ Ուս­տի, անհ­րա­ժեշտ է այ­սու­հե­տեւ եւս հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն շա­րու­նա­կել ջան­քե­րը յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ամ­րապն­դե­լու, ինչ­պէս նաեւ տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը զար­գաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Զրու­ցա­կից­նե­րը քննար­կե­ցին Հա­յաս­տան-Եւ­րո­խոր­հուրդ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան օ­րա­կար­գին, Եւ­րո­միու­թեան Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան Ռի­կա­յի մօ­տա­լուտ գա­գա­թա­ժո­ղո­վին, Հա­յաս­տա­նի մէջ ձեռ­նար­կուած բա­րե­փո­խում­նե­րուն Եւ­րո­խոր­հուր­դի ա­ջակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Այս ամ­բող­ջին մէջ հիւր նա­խա­րա­րը ըն­դգծեց, որ Եւ­րո­խոր­հուր­դը պատ­րաս­տա­կամ է եւ յանձ­նա­ռու՝ շա­րու­նա­կե­լու հա­մար ա­ջակ­ցու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նին՝ քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան, ի­րա­ւա­կան եւ այլ ո­լորտ­նե­րէ ներս բա­րե­փո­խում­նե­րու ճա­նա­պար­հին։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ զրու­ցա­կից­նե­րը կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին շուրջ։ Տի­տիէ Ռէյն­տէրս վե­րա­հաս­տա­տեց իր երկ­րին, նաեւ Եւ­րո­խոր­հուր­դի Նա­խա­րար­նե­րու կո­մի­տէի նա­խա­գա­հին դիր­քո­րո­շու­մը՝ սա­տա­րե­լու մի­ջազ­գա­յին լիա­զօ­րու­թեան տէր միջ­նորդ­նե­րուն՝ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կին, հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցէն ներս։

Նալ­պան­տեա­նի մօտ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին եւս անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին եւ քննար­կուե­ցան Հա­յաս­տան-Եւ­րո­միու­թիւն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Կող­մե­րը կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ ու­նե­ցան մի­ջազ­գա­յին հրա­տապ հար­ցե­րուն շուրջ, մաս­նա­ւո­րա­պէս կանգ առ­նե­լով Ուք­րայ­նոյ ճգնա­ժա­մին եւ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի զար­գա­ցում­նե­րուն վրայ։ Նալ­պան­տեան խօ­սե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ գոր­ծադ­րուած ջան­քե­րուն մա­սին՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։

Եր­կու նա­խա­րար­նե­րու Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին ալ վեր­լու­ծուե­ցան այն աշ­խոյժ շփում­նե­րը, ո­րոնք մշտա­պէս գո­յու­թիւն ու­նե­ցած են Հա­յաս­տա­նի եւ Պել­ժիոյ մի­ջեւ, զա­նա­զան ձե­ւա­չա­փե­րու մէջ։ Հար­ցու­մի մը պա­տաս­խա­նե­լով Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան անդ­րա­դար­ձաւ Հա­յաս­տա­նի եւ Եւ­րո­միու­թեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն։ Ան յի­շե­ցուց, թէ Հա­յաս­տան եւ ԵՄ ըն­դու­նած են հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը, ուր ընդգ­ծուած է, որ կը փա­փա­քին շա­րու­նա­կել հա­մա­պար­փակ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը հնա­րա­ւոր բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով, բո­լոր հնա­րա­ւոր բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ եւ ձե­ւա­չա­փե­րով՝ նկա­տի առ­նե­լով Հա­յաս­տա­նի պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը հա­մարկ­ման այլ գոր­ծըն­թաց­նե­րու մէջ։ «Սա մենք վե­րա­հաս­տա­տե­ցինք այս տա­րուան Յու­նուա­րին՝ Հա­յաս­տան-ԵՄ խոր­հուր­դի նիս­տի ըն­թաց­քին ու կը կար­ծեմ, որ պէտք է հաս­տա­տենք նաեւ Ռի­կա­յի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ժա­մա­նակ», ը­սաւ Նալ­պան­տեան։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին նա­խա­տե­սուած է ԵՄ-ի Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան ծրագ­րին մաս­նա­կից եր­կիր­նե­րուն Ռի­կա­յի գա­գա­թա­ժո­ղո­վը, Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի այս խօս­քե­րը ա­ռանձ­նա­յա­տուկ ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձան ի­րենց ժամ­կէ­տին ա­ռու­մով՝ յի­շեալ գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­դա­ռաջ։

 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2015