ՏՕՆԱԿԱՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հայ­կա­կան ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հին տե­սա­կէ­տէ յատ­կան­շա­կան ձեռ­նարկ մը, ո­րու ըն­թաց­քին ապ­րուե­ցաւ մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ «Գո­հար» հա­մոյ­թի եւ հայ աստ­ղե­րու հա­մա­տեղ հա­մեր­գին վեր­յի­շու­մը հա­մախմ­բած էր ե­րաժշ­տա­սէր շրջա­նակ­նե­րը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Հա­յաս­տա­նի Ա­ռա­ջին հան­րա­պե­տու­թեան հռչակ­ման օ­րուան ձօ­նուած հա­մերգ մը կազ­մա­կեր­պուած էր 28 Մա­յիս 2011 թուա­կա­նին։ «Գո­հար» սիմ­ֆո­նիք նուա­գա­խումբ-երգ­չա­խում­բի եւ հայ աստ­ղե­րու հա­մերգն էր այդ մէ­կը, որ կազ­մա­կեր­պուած էր Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ։ Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Հա­յաս­տա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած ան­մո­ռա­նա­լի ե­րաժշ­տա­կան ձեռ­նարկ­նե­րէն մին ե­ղած էր այդ հա­մեր­գը, որ մաս­նա­կից­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ տա­կա­ւին կը պա­հէ իր թար­մու­թիւ­նը։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով այդ ե­րե­կոյ­թին ար­ձա­նագ­րած փայ­լուն յա­ջո­ղու­թիւ­նը, հա­մեր­գը ամ­փո­փուած է սկա­ւա­ռա­կի մը մէջ։ Ե­րէկ, ա­հա այդ DVD-նե­րուն շնոր­հան­դէ­սը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ, ինչ որ դար­ձեալ ստեղ­ծեց խան­դա­վառ մթնո­լորտ։

«Գո­հար»ի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Սե­ւակ Սե­րով­բեան հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին ընդգ­ծեց, որ սկա­ւա­ռակ­նե­րը թէեւ պատ­րաստ էին շուրջ մէ­կու­կէս տա­րի ա­ռաջ, սա­կայն շնոր­հան­դէ­սը չէր կազ­մա­կեր­պուած։ Այս ուղ­ղու­թեամբ գլխա­ւոր դրդա­պատ­ճա­ռը ե­ղած է այն տխուր հան­գա­ման­քը, որ «Գո­հար»ի խմբա­վար մաէսթ­րօ Սե­պուհ Աբ­գա­րեան վա­տա­ռողջ էր։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ան եր­կար տա­րի­ներ ղե­կա­վա­րած էր այս խում­բը, վա­րիչ­նե­րը յար­մար չէին դա­տած իր բա­ցա­կա­յու­թեամբ նման ձեռ­նարկ մը ի­րա­կա­նաց­նել։ Ա­ւե­լի վերջ, Սե­պուհ Աբ­գա­րեան ար­դէն դժբախ­տա­բար կնքեց իր մահ­կա­նա­ցուն։

«Վստահ եմ, որ հի­մա մե­զի հետ միա­սին ու­րախ է այս տօ­նին առ­թիւ։ Այս պատ­ճա­ռով է, որ ու­շա­ցանք։ Այ­սօր այս ձեռ­նար­կին կը մաս­նակ­ցին մաէսթ­րօ­ներ, ե­րա­ժիշտ­ներ, 2011-ի հա­մեր­գի մաս­նա­կից­նե­րը։ Ու­րախ ենք, որ բո­լո­րը կրցան գալ։ Ա­ռի­թը պա­տեհ կը նկա­տենք, որ­պէս­զի ներ­կա­յաց­նենք մեր նոր մաէսթ­րօն՝ Նա­թա­լի Գալս­տեա­նը։ Նոր մաէսթ­րօն ար­դէն նոր ծրագ­րով կ՚աշ­խա­տի։ Այս տա­րուան հա­մար ծրա­գիր չու­նինք», ը­սաւ Սե­ւակ Սե­րով­բեան եւ ա­ւել­ցուց, որ Նա­թա­լի Գալս­տեան աշ­խա­տած է Սե­պուհ Աբ­գա­րեա­նի հետ, եր­կուքն ալ ծա­ւա­լած են հա­մե­րաշխ գոր­ծու­նէու­թիւն։

«Գո­հա­րը Հա­յաս­տա­նի աստ­ղե­րուն հետ» խո­րագ­րեալ հա­մեր­գի սկա­ւա­ռա­կի շնոր­հան­դէ­սին ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ նաեւ հան­գու­ցեալ մաէսթ­րօ Սե­պուհ Աբ­գա­րեա­նի յի­շա­տա­կին ձօ­նուած ժա­պա­ւէն մը։ Երէ­կուան ձեռ­նար­կը կազ­մա­կեր­պուած էր նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ Գո­հար Խա­չատ­ուրեա­նի, որ մայրն է այս հա­մոյ­թի հիմ­նա­դիր ու հո­վա­նա­ւոր լի­բա­նա­նա­հայ գոր­ծիչ Յա­րութ Խա­չատու­րեա­նի։ Ան իր մօ­րը ա­նու­նով կո­չած է 2000 թուա­կա­նին ստեղ­ծուած հա­մոյ­թը, որ մին­չեւ ան­ցեալ տա­րի գոր­ծած է Սե­պուհ Աբ­գա­րեա­նին մա­կա­նին ներ­քեւ։ Ներ­կա­յիս նուա­գա­խում­բի կազ­մին մէջ կը գտնուին 150 ե­րա­ժիշտ­ներ, 15 եր­գիչ­ներ եւ 15 պա­րող­ներ։ Գո­հար Խա­չատու­րեան ե­րէ­կուան շնոր­հան­դէ­սին ըն­թաց­քին շնոր­հա­կա­լագ­րեր ու մե­տայլ­ներ յանձ­նեց բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցած էին իր ծա­ւա­լով ե­զա­կի ու զան-գըւա­ծա­յին այս ձեռ­նար­կին։ Այս շրջագ­ծով պար­գեւ­ներ նա­խա­տե­սուած էին Ար­սէն Սա­ֆա­րեա­նի, Զա­րու­հի Պա­պա­յեա­նի, Ա­րա­մէի, Անտ­րէի, Հայ­քո­յի եւ այլ եր­գիչ-երգ­չու­հի­նե­րու հա­մար։ Պար­գե­ւատ­րեալ­նե­րու շար­քին գտնուե­ցան նաեւ ձեռ­նար­կը կազ­մա­կեր­պած թեք­նիկ անձ­նա­կազ­մի դէմ­քե­րը։

«Մա­րիոթ Ար­մե­նիա» պան­դո­կի հա­մա­լի­րէն ներս կազ­մա­կեր­պուած շնոր­հան­դէ­սը պա­տուե­ցին Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան, Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան, Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Շի­րա­կի Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Մի­քա­յէլ Եպսկ. Ա­ջա­պա­հեան եւ այլ հիւ­րեր։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2015