«Ողիմպիական Խաղերուն ՊԷՏՔ Է ԾԱԾԱՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴՐՕՇԱԿԸ»
Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեաններ Հռիփսիմէ Խուրշուդեան եւ Նազիկ Աւդալեան մամլոյ համատեղ ասուլիս մը տալով ներկայացուցին, թէ ինչպէ՛ս յաջողեցան ձեռք ձգել իրենց յաղթանակները:
Խուրշուդեան ըսաւ, որ իր ամէն կարելին ըրաւ, որպէսզի կարենայ հայ ազգը ուրախացնել, որոշ չափով զայն մխիթարել եւ իր յաղթանակը նուիրել Արցախի մէջ կռուող տղոց: Ան ըսաւ, որ այժմ իրենց դիմաց ունին շատ աւելի մեծ մարտահրաւէր մը. կեանքի գնով յաղթական ընթացքը շարունակել եւ Հայաստանի դրօշակը ծածանել ողիմպիական խաղերուն:
Իսկ Աւդալեան ըսաւ, որ մինչ իրենց մրցումները կը կատարէին, կը յուսային, որ ամէն ինչ լաւ ընթանայ Արցախի մէջ եւ հայ զինուորներուն կեանքերը վտանգի չենթարկուին: