ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐԿԱԾԸ ԲԱՑԱՌՈՒԱԾ

Ե­րե­ւա­նի Հա­լա­պեան փո­ղո­ցին վրայ պա­տա­հած պայ­թու­մին ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Ա­ւագ դա­տա­խա­զու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ այս դէպ­քին պա­րա­գա­յին ա­հա­բեկ­չու­թեան վար­կա­ծը ամ­բող­ջու­թեամբ հեր­քուած է։

Հա­յաս­տա­նի Քննչա­կան կո­մի­տէի աշ­խա­տա­կից­նե­րը դէպ­քի վայ­րին վրայ յայտ­նա­բե­րած են բջի­ջա­յին հե­ռա­խօ­սի մը քար­տը, ո­րու բա­ժա­նոր­դը ե­ղած է երկ­րի քա­ղա­քա­ցի­նե­րէն մին, որ նա­խա­պէս դա­տուած է եր­կու ան­գամ։ Ա­նոր տան մէջ կա­տա­րուած խու­զար­կում­նե­րու ար­դիւն­քին յայտ­նա­բե­րուած են պայ­թու­ցիկ նիւթ, պայ­թու­ցիկ սար­քեր եւ զա­նա­զան տե­սա­կի ե­լեկտ­րա­կան սար­քա­ւո­րում­ներ։ Ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րը այդ նոյն տե­սա­կի պայ­թու­ցիկ նիւ­թի տար­րե­րը յայ­նա­բե­րած են նաեւ պայ­թած օ­թօ­պիւ­սին վրայ։ Պար­զուած է նաեւ, որ վե­րո­յի­շեալ քար­տի բա­ժա­նոր­դը կեն­ցա­ղա­յին գետ­նի վրայ դժգո­հու­թիւն ու­նե­ցած է իր ազ­գա­կան­նե­րէն ու պատ­րաս­տուած՝ պայ­թու­ցի­կը օգ­տա­գոր­ծել ա­նոնց դէմ։

Երեւանի Հալապեան եւ Արզուման-եան փողոցներու խաչմերուկի  պայթու-մը խլած էր երկու զոհ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 28, 2016