ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ մտա­հո­գիչ ի­րադ­րու­թիւ­նը կը մնայ առ­կայ։ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րը կը շա­րու­նա­կեն ա­նընդ­հատ կրա­կի տակ պա­հել Ար­ցա­խը՝ բնա­կե­լի շրջան­նե­րով հան­դերձ։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, որ այս գի­շեր Ար­ցախ-Ատր­պէյ­ճան շփման գծի ամ­բողջ եր­կայն­քով ա­զէ­րի զօր­քե­րը ի­րա­կա­նա­ցու­ցած են հրե­տա­կո­ծու­թիւն՝ հրա­սայ­լե­րու եւ զա­նա­զան տրա­մա­չա­փի ա­կա­նա­նե­տե­րու եւ թնդա­նօթ­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ հրթի­ռահ­րե­տա­նա­յին հա­մա­կար­գե­րու եւ «Կրատ» կա­յանք­նե­րու մի­ջո­ցաւ։ Ա­ռա­ւել խտա­ցեալ յար­ձա­կում­ներ ապ­րուած են շփման գծի ա­րե­ւե­լեան, հիւ­սի­սա­յին եւ հիւ­սիս-ա­րե­ւե­լեան ուղ­ղու­թիւն­նե­րով։ Յար­ձա­կում­նե­րուն թի­րախ դար­ձած է նաեւ Մա­տա­ղիս բնա­կա­վայ­րը։ Ար­ցա­խի բա­նա­կի յա­ռա­ջա­պահ ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րը դի­մած են կան­խար­գե­լիչ եւ ի­րադ­րու­թեան գործ­նա­կան զար­գաց­ման հա­մա­հունչ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու՝ ա­զէ­րի զօր­քե­րու նա­խա­յար­ձակ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը չէ­զո­քաց­նե­լու նպա­տա­կով։ Այս ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րուն շփման գծի վրայ ի­րադ­րու­թիւ­նը ե­ղած է յա­րա­բե­րա­բար ա­ւե­լի հան­դարտ։ Հարկ է նշել, որ ե­րէկ ալ օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան շփման գծին վրայ յա­րա­բե­րա­բար ան­դոր­րու­թիւն տի­րած էր, սա­կայն ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րը սկսած էին ռմբա­կո­ծել Մար­տա­կեր­տի դիր­քե­րը։ Շփման գծի հիւ­սիս-ա­րե­ւե­լեան ուղ­ղու­թեամբ նկա­տուած էր նաեւ Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րու սար­քա­ւո­րում­նե­րու շարժ։ Ար­ցա­խի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի յա­ռա­ջա­պահ ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րը ու­շադ­րու­թեամբ հե­տե­ւած էին ա­ռաջ­նագ­ծին վրայ տե­ղի ու­նե­ցած այդ զար­գա­ցում­նե­րուն եւ ի­րենց գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով ճնշած՝ ա­զէ­րի զօր­քե­րուն աշ­խու­ժու­թիւ­նը։

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ե­րէկ հան­դէս ե­կաւ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը ու շեշ­տեց, թէ ա­զէ­րի կող­մը քա­ղա­քա­ցի­նե­րը կը դարձ­նէ վա­հան։ Ըստ յայ­տա­րա­րու­թեան, թաք­նուե­լով խա­ղաղ բնա­կիչ­նե­րու թի­կուն­քին եւ ար­դիւն­քին այդ նոյն քա­ղա­քա­ցի­նե­րը դարձ­նե­լով կեն­դա­նի վա­հան, ատր­պէյ­ճա­նա­կան հրա­մա­նա­տա­րու­թիւ­նը ար­դէն օ­րե­րէ ի վեր կը կա­տա­րէ սեւ գործ մը։ Ա­մե­րի­կեան The Washington Post թերթն ալ տեղ տուաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Լե­ւոն Մնա­ցա­կա­նեա­նի յայ­տա­րա­րու­թեան, ըստ ո­րու հայ­կա­կան բա­նա­կը ի վի­ճա­կի է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղը պաշտ­պա­նել ա­ռանց ռու­սա­կան օգ­նու­թեան։

Առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին մէջ հայ­կա­կան կող­մը անհ­րա­ժեշտ նա­խա­պայ­ման կը հա­մա­րէ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­յար­ձակ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն կա­սե­ցու­մը՝ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու վերսկս­ման հա­մար։ Ե­րէկ այս մա­սին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կան Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան եւ Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան։ Նալ­պան­տեան այս միտ­քը ար­տա­յայ­տեց Ե­րե­ւեա­նի մէջ՝ թէ՛ եւ­րո­պա­ցի դես­պան­նե­րու հետ տե­սակ­ցե­լու ըն­թաց­քին եւ թէ՛ խորհր­դա­րա­նի եր­դի­քին տակ։ Իսկ Սէյ­րան Օ­հա­նեա­ն նոյն տե­սա­կէ­տը պաշտ­պա­նեց Մոս­կուա­յի մէջ։ Իր կար­գին, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի բան­բե­րը՝ Դա­ւիթ Պա­պա­յեանն ալ յայտ­նեց, թէ Ստե­փա­նա­կերտ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան սթա­փուե­լու կոչ կ՚ուղ­ղէ, որ­պէս­զի դադ­րի Պա­քուն խրա­խու­սե­լէ։

Նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Եւ­րո­միու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րու Ե­րե­ւա­նի մօտ հա­ւա­տար­մագ­րուած դես­պան­նե­րուն հետ։ Ներ­կայ էր նաեւ Ե­րե­ւա­նի մօտ Եւ­րո­միու­թեան պա­տուի­րա­կու­թեան ղե­կա­վա­րը։ Այս առ­թիւ Նալ­պան­տեան դես­պան­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուց Ար­ցա­խի դէմ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ սան­ձա­զեր­ծուած լայ­նա­ծա­ւալ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւան­քով ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կը եւ ա­նոր հե­տե­ւանք­նե­րուն յաղ­թա­հար­ման ուղ­ղեալ ջան­քե­րը, ո­րոնք կը գոր­ծադ­րուին Հա­յաս­տա­նի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րուն կող­մէ։ Ան ընդգ­ծեց, որ 1994-1995 թուա­կան­նե­րուն կնքուած հրա­դա­դա­րի հաս­տատ­ման ու ա­նոր ամ­րապնդ­ման մա­սին ան­ժամ­կէտ հա­մա­ձայ­նագ­րե­րու խախ­տու­մը ան­թոյ­լատ­րե­լի է եւ անհ­րա­ժեշտ՝ ա­նոնց ան­վե­րա­պահ կա­տա­րու­մը։ Նալ­պան­տեան պա­տաս­խա­նեց նաեւ դես­պան­նե­րու հար­ցում­նե­րուն։

Բաց աս­տի, Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վէն ներս, ե­րէկ կա­ռա­վա­րու­թեան ան­դամ­նե­րուն հետ տե­ղի ու­նե­ցաւ հար­ցում-պա­տաս­խան, ո­րու ըն­թաց­քին եւս ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան։ Ե­րես­փո­խան­նե­րուն առ­ջեւ ան ընդգ­ծեց, որ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի հե­ռան­կար­նե­րը կա­խում ու­նին Ար­ցա­խի դէմ Ատր­պէյ­ճա­նի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու հե­տե­ւանք­նե­րու վե­րա­ցու­մէն։ Ըստ Նալ­պան­տեա­նի, ժա­մա­նակն է, որ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը կար­գի հրա­ւի­րէ Ատր­պէյ­ճա­նը ու զայն վե­րա­դաձ­նէ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու։ Հա­յաս­տան մշտա­պէս կող­մնա­կից ե­ղած է հա­կա­մար­տու­թեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցաւ խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման, իսկ Ատր­պէյ­ճան սին փոր­ձեր կ՚ը­նէ՝ ձե­ւաց­նե­լու հա­մար, թէ Հա­յաս­տան կը հրա­ժա­րի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէն։ Նա­խա­րա­րին կան­խա­տե­սում­նե­րով՝ Պա­քու ստի­պուած պի­տի ըլ­լայ վե­րա­դառ­նալ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սե­ղա­նին շուրջ։

Մոս­կուա­յի անվ­տան­գու­թեան հար­ցե­րով 5-րդ հա­մա­ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցած Սէյ­րան Օ­հա­նեանն ալ յայտ­նեց, որ Ատր­պէյ­ճա­նի պաշ­տօ­նա­տար­նե­րուն հետ այդ մի­ջա­վայ­րին մէջ հան­դի­պում­ներ չէ ու­նե­ցած, ա­նոնց հետ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ ար­դէն չէին ակն­կա­լուած։ Ար­դա­րեւ, ա­նոնք տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կեն կրա­կել։ Անդ­րա­դառ­նա­լով Ռու­սաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն՝ Սէյ­րան Օ­հա­նեան դի­տել տուաւ, որ ինչ­պէս միշտ՝ ա­նոնք ու­նին գոր­ծըն­կե­րա­յին բնոյթ ու ո­չինչ փո­խուած է։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ ան ա­ւել­ցուց, թէ այժմ աշ­խա­տանք կը տա­րուի, որ­պէս­զի հայ­կա­կան կող­մին ձեռք բե­րած սպա­ռա­զի­նու­թիւ­նը ա­րա­գօ­րէն հաս­ցուի Հա­յաս­տան։ Մոս­կուա­յի հա­մա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին ա­զէ­րի լրագ­րող­ներ ալ հար­ցում­ներ ուղ­ղե­ցին Սէյ­րան Օ­հա­նեա­նին, որ պա­տաս­խա­նեց յստակ. «Մին­չեւ չդադ­րին հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րը, ան­կա­րե­լի է խօ­սիլ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու մա­սին»։ Սէյ­րան Օ­հա­նեան ե­րէկ Պա­քուի մէջ հան­դի­պում մըն ալ ու­նե­ցաւ Ի­րա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Հո­սէին Տեհ­ղա­նի հետ։ Վեր­ջին շրջա­նին Թեհ­րա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը քա­նիցս Հա­յաս­տա­նին եւ Ատր­պէյ­ճա­նին խոր­հուրդ տուած էր՝ նոր պա­տե­րազ­մի պատ­ճառ չդառ­նալ տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Օ­հա­նեան եւ Տեհ­ղան քննար­կե­ցին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ի­րա­վի­ճա­կը՝ կա­րե­ւո­րե­լով լա­րուա­ծու­թեան թու­լա­ցումն ու փո­խա­դարձ վստա­հու­թեան մթնո­լոր­տի հաս­տատ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։

Ռու­սա­կան կող­մէն ալ ե­րէկ հնչե­ցին ու­շագ­րաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ։ ԵԱՀԿ-ի մօտ Ռու­սաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ա­լեք­սանտր Լու­քա­շե­ւիչ ԹԱՍՍ գոր­ծա­կա­լու­թեան յայտ­նեց, թէ Մոս­կուա հնա­րա­ւոր կը հա­մա­րէ Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նուո­րա­կան­նե­րուն մի­ջեւ շփում­նե­րու շա­րու­նա­կու­մը, բարձր մա­կար­դա­կի հան­դիպ­ման մը շուրջ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ չկան։ Իր կար­գին, Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Մա­րիա Զա­խա­րո­վան ալ յայ­տա­րա­րեց, որ ան­կա­րե­լի է թոյլ տալ՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ նոր բռնկու­մի մը։ Ան գլխա­ւոր նպա­տակ հա­մա­րեց բռնու­թիւն­նե­րու հեր­թա­կան ան­գամ բռնկման կան­խու­մը՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի շուրջ։ Ըստ Զա­խա­րո­վա­յի, անհ­րա­ժեշտ է ցու­ցա­բե­րել զսպուա­ծու­թիւն։ Ներ­կա­յիս ան­տա­րա­կոյս ա­ռաջ­նա­հերթ է ի­րադ­րու­թեան հան­դար­տե­ցու­մը եւ ռու­սա­կան կող­մը սկզբուն­քօ­րէն կա­րե­ւոր կը հա­մա­րէ ներ­կայ պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րուն հի­ման վրայ ռազ­մա­կան ռիս­քե­րու նուա­զեց­ման ուղ­ղեալ աշ­խա­տան­քին աշ­խու­ժա­ցու­մը։ «Այն ինչ որ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ՝ հաս­տա­տումն է մեր այն տե­սա­կէ­տին, թէ այժմ ա­ւե­լի քան եր­բեք կը պա­հան­ջուի ցու­ցա­բե­րել զսպուա­ծու­թիւն եւ հաս­նիլ կա­յու­նու­թեան վե­րա­կանգն­ման», ը­սաւ Զա­խա­րո­վա։

Իր կար­գին, Ռու­սաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէր­կէյ Շոյ­կուն ալ Սէյ­րան Օ­հա­նեա­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ ե­րէկ Մոս­կուա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հա­մա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին նշեց, թէ Մոս­կուա շա­հագրգ­ռուած է՝ որ­պէս­զի իր դաշ­նա­կից­նե­րը ու­նե­նան ժա­մա­նա­կա­կից, բարձր շար­ժու­նա­կու­թեամբ օժ­տուած զէն­քեր։ Ըստ ռուս նա­խա­րա­րին, ի­րենց գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը պարզ է ու հասկ­նա­լի։ Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան սահ­ման­նե­րուն ամ­րապն­դու­մը կը նշա­նա­կէ Ռու­սաս­տա­նի անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­ղա­ցու­մը։

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րէն Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան պե­տա­կան քար­տու­ղար Առ­լէմ Տե­զի­րի կող­մէ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին վեր­ջին այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին փո­խան­ցուած պատ­գամ­նե­րուն ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Ան յայտ­նած էր, թէ զէն­քի ձայ­նե­րը պէտք է լռեն, ո­րով­հե­տեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թիւ­նը չու­նի ռազ­մա­կան լու­ծում։ Ֆրան­սա­ցի բարձ­րաս­տի­ճան դի­ւա­նա­գէ­տին խօս­քե­րով, մի­ջազ­գա­յին անվ­տան­գու­թիւն չի կրնար հաս­տա­տուիլ՝ որ­քան ա­տեն որ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մէջ պա­տե­րազմ կայ, իսկ Կով­կա­սի մէջ առ­կայ է պա­տե­րազ­մի վտանգ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 28, 2016