ԱՍՏՂԱԲԱՇԽԱՅԻՆ ԳՈՒՄԱՐՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋԱՐԿ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի աստղերէն Հենրիխ Մխիթարեան կը շարունակէ անմիջական ուշադրութեան արժանանալ ֆութպոլի աշխարհէն ներս։ Հենրիխ Մխիթարեան ներկայիս կը կրէ Պորուսիա Տորտմունտի մարզաշապիկը եւ Պունտեսլիկայի մէջ կ՚արձանագրէ անանտեսելի յաջողութիւններ։ Գերմանական Bild թերթը գրեց, թէ Լոնտոնի «Չելսի» ակումբը կը փափաքի փոխանցել Հենրիխ Մխիթարեանը։ Անգլիական ակումբը 60 միլիառ եւրօ վճարելու մտադիր է Պորուսիա Տորտմունտին՝ իր կազմը Հենրիխ Մխիթարեանով զօրացնելու համար։ Եթէ գերմանական ակումբը մերժէ այդ առաջարկը, ապա Չելսի պատրաստ է աւելցնել այդ գումարը՝ հայ կիսապաշտպանը փոխանցելու համար։ Մխիթարեան կը գտնուի նաեւ Արսենալի եւ Եուվենթուսի ուշադրութեան առարկայ։
Հենրիխ Մխիթարեանի եւ Պորուսիա Տորտմունտի միջեւ նախապէս կնքուած պայմանագիրը ի զօրու է մինչեւ 2017 թուականի ամառը։ 27-ամեայ Մխիթարեան ընթացիկ մրցաշրջանի բոլոր մրցաշարքերուն գծով խաղադաշտ դուրս եկած է 49 մրցման ժամանակ, արձանագրած է 23 կոլ ու դարձած՝ 29 կոլային փոխանցման հեղինակ։