Գէոր­գի Քե­թո­յեւ Եւ­րո­պա­յի Ա­խո­յեան

Մոն­կո­լիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ըմբ­շա­մար­տի ո­ղիմ­պիա­կա­նի վար­կան­շա­յին մրցա­շար­քի ա­զատ ո­ճի մրցում­նե­րուն, Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նի նո­րե­կը՝ Գէոր­գի Քե­թո­յեւ, 97 քկ. դա­սա­կար­գին մէջ տի­րա­ցաւ ոս­կի մե­տայ­լին:

Ան ա­ւար­տա­կա­նին 4-3 ար­դիւն­քով յաղ­թեց Էօզ­պե­քիս­տա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին: Գօ­տե­մար­տին ըն­թաց­քին Գէոր­գի Քե­թո­յեւ, որ կը պար­տուէր 3-0 ար­դիւն­քով, հետզ­հե­տէ բա­րե­լա­ւեց իր խա­ղար­կու­թիւ­նը եւ ե­ղաւ վերջ­նա­կան յաղ­թա­կա­նը:

Բաց աս­տի, վեր­ջերս Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցիու­թիւն ստա­ցած ըմ­բի­շը ար­դէն իսկ ա­պա­հո­ված էր ո­ղիմ­պիա­կա­նի իր տոմ­սը՝ ա­ւար­տա­կան հանգ­րուան հա­սած ըլ­լա­լուն շնոր­հիւ:

Սա­կայն Հա­յաս­տա­նի այլ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը՝ Դա­ւիթ Սա­ֆա­րեան (65 քկ.), Գրի­գոր Գրի­գո­րեան (74 քկ.) եւ Շա­միր Ա­թեան (86 քկ.), չյա­ջո­ղե­ցան «Ռիօ-2016»ի ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րու տոմս ա­պա­հո­վել:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 28, 2016