ՊՈՒՐՍԱՅԻ ՄԷՋ ՊԱՅԹՈՒՄ

Ե­րէկ, Պուր­սա­յի մէջ պա­տա­հե­ցաւ ա­հա­ւոր պայ­թում մը, որ խոր մտա­հո­գու­թիւն ստեղ­ծեց բո­վան­դակ Թուր­քիոյ մէջ։ Քա­ղա­քի կեդ­րո­նին՝ Ու­լու մզկի­թի մեր­ձա­կայ­քին տե­ղի ու­նե­ցաւ այս սար­սա­փե­լի պայ­թու­մը։ Ի­գա­կան սե­ռէ կեն­դա­նի ռումբ մը, որ շուրջ 25 տա­րե­կան էր, ժա­մը 17.26-ին ինք­զինք պայ­թե­ցուց։ Ա­հա­բե­կի­չը մա­հա­ցաւ, 23 հո­գի ալ վի­րա­ւո­րուե­ցաւ։ Վի­րա­ւո­րեալ­նե­րը ան­մի­ջա­պէս դար­ման­ման տակ առ­նուե­ցան մեր­ձա­կայ հի­ւան­դա­նոց­նե­րուն մէջ։ Ա­նոնց­մէ 15-ին դար­մա­նու­մը ար­դէն ա­ւար­տե­ցաւ, իսկ 8-ը՝ կը մնայ բժշկա­կան խնամ­քի տակ։

Պայ­թու­մի պա­հուն ա­հա­բե­կի­չի 4 մեթր ան­մի­ջա­կան հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ միայն մէկ հո­գի կը գտնուէր, ինչ որ կան­խեց լուրջ ող­բեր­գու­թեան մը յա­ռա­ջա­նա­լը։ Ներ­կա­յիս ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը հա­շուի կ՚առ­նէ ան վար­կա­ծը, թէ ա­հա­բե­կի­չը ծրագ­րած կէ­տէն ա­ւե­լի ա­ռաջ սխալ­մամբ ինք­զինք պայ­թե­ցու­ցած կրնայ ըլ­լալ։

Ան­գա­րա­յի մօտ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պա­նու­թիւ­նը նա­խըն­թաց օր իր քա­ղա­քա­ցի­նե­րը զգու­շա­ցու­ցած էր, թէ զբօ­սաշր­ջա­յին գօ­տի­նե­րու մէջ ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում մը կրնայ պա­տա­հիլ։ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու ե­րէկ քննա­դա­տեց այդ զգու­շա­ցու­մը եւ ը­սաւ, թէ ա­նոնք դժբախ­տա­բար հո­գե­բա­նա­կան ա­ռու­մով ան­տե­ղի ան­հանգս­տու­թիւն­նե­րու պատ­ճառ կը դառ­նան։

 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 28, 2016