ՎԻԹԽԱՐԻ ԾԱՒԱԼՆԵՐ

Պե­տա­կան ար­խիւ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Տոց. Ու­ղուր Իւ­նալ յայ­տա­րա­րեց, որ Իս­թան­պու­լի Օս­մա­նեան ար­խիւ­նե­րուն մօտ կը գտնուին 95 մի­լիոն փաս­տեր ու 400 հա­զար տետ­րակ­ներ եւ ցարդ դա­սա­ւո­րուած է ա­նոնց կէ­սը։ Ու­ղուր Իւ­նալ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան թղթակ­ցին հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին յայտ­նեց, թէ Պե­տա­կան ար­խիւ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թեան վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ գտնուող ար­խի­ւը կը բաղ­կա­նայ եր­կու հիմ­նա­կան ա­ռանց­քէ։ Ա­նոնց­մէ մին է Օս­մա­նեան ար­խի­ւը, որ կը գտնուի Իս­թան­պու­լի մէջ, իսկ միւսն է՝ Հան­րա­պե­տա­կան ար­խի­ւը, որ կը գտնուի Ան­գա­րա­յի մէջ։ Ըստ Իւ­նա­լի, այս բո­լո­րին ա­ռըն­թեր, բա­ցա­ռու­թեան կար­գով շարք մը ար­խիւ­ներ կը գտնուին նաեւ այլ հան­րա­յին կա­ռոյց­նե­րու մօտ, ո­րոնք Պե­տա­կան ար­խի­ւին փաս­տա­թուղ­թեր տրա­մադ­րե­լու ի վի­ճա­կի չեն։

Անդ­րա­դառ­նա­լով Օս­մա­նեան շրջա­նին՝ Ու­ղուր Իւ­նալ յայտ­նեց, թէ հա­մա­պա­տաս­խան ար­խի­ւը ամ­բող­ջու­թեամբ կը բաղ­կա­նայ պաշ­տօ­նա­կան փաս­տա­թուղ­թե­րէ եւ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րէ։ Ար­խի­ւին այն բա­ժի­նը, ո­րու դա­սա­ւո­րու­մը ա­ւար­տած է, ար­դէն հա­սա­նե­լի է բո­լոր հե­տա­զօ­տող­նե­րուն հա­մար։ Դա­սա­ւոր­ման գոր­ծին կա­րե­ւոր մա­սը ար­դէն հա­սած է իր ա­ւար­տին։ Հա­մա­ցան­ցի կայ­քէ­ջը այ­ցե­լե­լու պա­րա­գա­յին հե­տա­զօ­տող­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ու­նե­նան ի­րենց փա­փա­քած ա­մէն տե­սակ ո­րո­նու­մը կա­տա­րե­լու։ Այ­սօ­րուան դրու­թեամբ Օս­մա­նեան ար­խի­ւին կէ­սը դա­սա­ւո­րուած է։ Խօս­քը կը վե­րա­բե­րի շուրջ 50 մի­լիոն փաս­տա­թուղ­թի։

Իւ­նալ կա­րե­ւո­րու­թեամբ ընդգ­ծեց, որ ար­խի­ւին կէ­սին դա­սա­ւո­րուած ըլ­լա­լը չի նշա­նա­կեր՝ թէ Օս­մա­նեան պատ­մու­թեան բիւ­րե­ղաց­ման հա­մար ա­մե­նա­կա­րե­ւոր փաս­տա­թուղ­թե­րը ար­դէն բա­ցուած են ու­սում­նա­սի­րու­թեան ու մնա­ցեալ­նե­րը ելմ­տա­կան փաս­տա­թուղ­թեր են։ Պա­րա­գան այդ­պէս չէ։ Մնա­ցեալ բա­ժինն ալ հսկայ ֆոնտ մըն է, ո­րու դա­սա­ւո­րու­մը պի­տի շա­րու­նա­կուի յա­ռա­ջի­կայ տաս­նեակ տա­րի­նե­րուն։

Ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նը ընդգ­ծած է, որ ար­խի­ւի գոր­ծը չի բաղ­կա­նար միայն դա­սա­ւո­րու­մէ։ Ար­դա­րեւ, դա­սա­ւոր­ման ա­ռըն­թեր, թա­փով յա­ռաջ կը տա­րուին նաեւ վե­րա­նո­րոգ­ման ու թուայ­նաց­ման աշ­խա­տանք­նե­րը։ Ի­րենց ամ­բողջ նպա­տակն է ուսմ­նա­սի­րու­թեան բա­ցուած բո­լոր փաս­տա­թուղ­թե­րը փու­թով թուայ­նաց­նել եւ ըստ այդմ տրա­մադ­րել պրպտող­նե­րուն։

Ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Իւ­նա­լի բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով, Հան­րա­պե­տա­կան շրջա­նի ար­խիւն ալ կ՚ընդգր­կէ շուրջ 40 մի­լիոն փաս­տա­թուղթ, ո­րոնք եւս փու­թով կը թուայ­նա­ցուին ու կը բա­ցուին ու­սում­նա­սի­րու­թեան։

Ան հեր­քեց հան­րա­յին կար­ծի­քին մօտ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրուած լու­րե­րը, ըստ ո­րոնց ար­խիւ­նե­րը փակ են։ Իւ­նալ շեշ­տեց, թէ ար­խի­ւի մօտ դա­սա­ւոր­ման հանգ­րուա­նի ա­ւար­տին տուեալ փաս­տա­թուղ­թը փու­թով կը տրա­մադ­րուի հե­տա­զօ­տող­նե­րուն, մա­նա­ւանդ որ ե­թէ այդ մէ­կը պատ­մա­կան ա­պա­ցոյ­ցի մը բնոյ­թը կը կրէ։ Ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նը շեշ­տած է, թէ ո­րե­ւէ ձե­ւով անձ­նա­կազ­մի պա­կաս մըն ալ չու­նին։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 28, 2016