ՕՍՄԱՆ ՔԱՎԱԼԱ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԷՐ ԱՊՐԻԼԻ 24-ԻՆ
«Անատոլու Քիւլթիւր»ի նախագահ Օսման Քավալա վերջերս այցելեց Երեւան։ Ան հրաւիրուած էր մասնակցելու «Աուրորա» մրցանակաբաշխութեան եւ Ապրիլի 24-ին այցելեց նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։
«News.am» կայքէջին հետ զրուցելու ընթացքին ան ըսաւ, թէ բոլորովին տարբեր զգացում մըն է Երեւանի մէջ ըլլալ Ապրիլի 24-ին՝ հայ ժողովուրդին հետ։ «Սա շատ յուզիչ է ինծի համար», նշեց Քավալա։
Անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ հայերու նկատմամբ ներկայ վերաբերմունքին՝ Օսման Քավալա յայտնեց. «Վերաբերմունքը կը փոխուի դէպի լաւը, թէեւ շատ դանդաղ թափով։ Ի հարկէ, այն թուրքերը, որոնք կու գան Երեւան եւ կ՚այցելեն թանգարան, աւելի իրազեկուած են, անոնք աւելի մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն։ Անոնք նաեւ կը փորձեն պատմել ողջ մնացած հայերու պատմութիւնները, որոնց ծնողները սպաննուած էին 1915-ին։ Այնպէս, որ սա դանդաղ յառաջընթաց մըն է, սակայն կայ»։
Պատասխանելով՝ հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնապէս ճանաչման վերաբերեալ հարցումի մը՝ Օսման Քավալա ըսաւ. «Առաջին հերթին պէտք է Թուրքիոյ իշխանութիւնները փորձեն անկեղծօրէն հայեացք ուղղել պատմութեան վրայ. այն ինչ որ կատարուած է, բանան ու պէտք եղածին նման ուսումնասիրեն արխիւները։ Հայերու հետ անկեղծ երկխօսութեան մը պէտք է սկսիլ։ Այդ ուղղութեամբ արդէն քայլերու կը ձեռնարկուին, սակայն, դժբախտաբար, մենք սա չենք տեսներ քաղաքական մակարդակով»։