«Լիբանանահայ Վարժարաններու Ուսուցիչներու Մասնագիտական Մշակում»ի Ծրագիր

Լիզպոնն «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կու­թեան Հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բա­ժան­մուն­քը եւ Պէյ­րու­թի Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նը ու­րախ են յայ­տա­րա­րե­լու «Լի­բա­նա­նա­հայ վար­ժա­րան­նե­րու ու­սու­ցիչ­նե­րու մաս­նա­գի­տա­կան մշա­կում» ծրա­գի­րին մեկ­նար­կին մա­սին: Սոյն ծրա­գի­րին նպա­տակն է, ման­կա­վար­ժու­թեան ժա­մա­նա­կա­կից գի­տու­թեան հետ հա­մըն­թաց, մաս­նա­գի­տա­կան վե­րամ­շակ­ման ա­ռիթ ստեղ­ծել լի­բա­նա­նա­հայ ու­սու­ցիչ­նե­րու եւ կրթա­կան մար­զի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու հա­մար:

Լի­բա­նա­նա­հայ 23 վար­ժա­րան­ներ, ո­րոնք նա­խորդ հանգ­րուա­նին մաս­նակ­ցած էին ինք­նար­ժե­ւոր­ման աշ­խա­տան­քին, սոյն ծրա­գի­րին մաս­նակ­ցե­լու ա­ռի­թը ու­նին: Իւ­րա­քան­չիւր վար­ժա­րա­նի կող­մէ ընտ­րուած 4-6 ու­սու­ցիչ­ներ կամ կրթա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­ներ կա­րե­լիու­թիւն պի­տի ու­նե­նան մաս­նակ­ցե­լու մէկ տա­րուան վրայ եր­կա­րող այս ծրա­գի­րին, ո­րուն մաս­նա­կից­նե­րուն թի­ւը պի­տի ըլ­լայ ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նը 150:

Ծրա­գի­րը պի­տի ընդգր­կէ աշ­խա­տան­քա­յին սե­մի­նար­ներ, ո­րոնք պի­տի ներ­կա­յա­ցուին 8 հան­դի­պում­նե­րու ըն­թաց­քին: Նիւ­թե­րը պի­տի ըլ­լան այ­լա­զան, ինչ­պէս, օ­րի­նակ, ման­կա­վար­ժա­կան գոր­ծի ղե­կա­վա­րու­թիւն, դա­սա­նիւ­թե­րու հա­մա­կար­գե­րու մշա­կում, քըն-նա­կան մտա­ծո­ղու­թեան զար­գա­ցում, տե­ղե­կա­տուա­կան ար­հես­տա­գի­տու­թեան դա­սա­րա­նա­յին օգ­տա­գոր­ծում, ար­տա­դա­սա­րա­նա­յին աշ­խա­տանք­նե­րու դե­րը՝ սոր­վե­լու գոր­ծըն­թա­ցին մէջ, լե­զու­նե­րու եւ ու­սո­ղու­թեան դա­սա­ւանդ­ման ա­ռա­ւե­լա­գոյն ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան մե­թոտ­ներ եւ այլն: Աշ­խա­տանքա­յին սե­մի­նար­ներն ու հան­դի­պում­նե­րը պի­տի մա­տու­ցուին հա­մալ­սա­րան­նե­րու դա­սա­խօս­նե­րու եւ այլ եր­կիր­նե­րէ հրա­ւի­րուած վե­րոն­շեալ նիւ­թե­րու մաս­նա­գէտ­նե­րու կող­մէ: Մաս­նա­կից­նե­րը ա­ռիթ պի­տի ու­նե­նան մշա­կե­լու գործ­նա­կան աշ­խա­տանք­ներ, ո­րոնց ար­ժե­ւո­րու­մը պի­տի կա­տա­րեն դա­սա­խօս­ներն ու մաս­նա­գէտ­նե­րը:

Ծրա­գի­րին կրնան մաս­նակ­ցիլ բո­լոր դա­սա­նիւ­թե­րու  ու­սու­ցիչ­ներ, ինչ­պէս նաեւ՝ տնօ­րէն­ներ, ո­րոնք հե­տա­մուտ են կրթա­կան մար­զին մէջ նոր հմտու­թիւն­ներ ձեռք ձգե­լու եւ ման­կա­վար­ժու­թեան ժա­մա­նա­կա­կից մօ­տե­ցում­նե­րու քննար­կու­մով, ի­րենց տե­սա­կան եւ գործ­նա­կան գի­տե­լիք­նե­րը ա­ռա­ւել եւս զար­գաց­նե­լու:

Այս ծրա­գի­րը լի­բա­նա­նա­հայ վար­ժա­րան­նե­րուն մա­տու­ցուած ծա­ռա­յու­թիւն մըն է, ո­րուն ծախ­սե­րը  կը հո­գայ «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կու­թիւ­նը: Ծրա­գի­րին հա­մա­կար­գումն ու ի­րա­գոր­ծու­մը պի­տի կա­տա­րեն Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նի Ման­կա­վար­ժու­թեան բա­ժան­մունքն ու Շա­րու­նա­կա­կան ու­սում­նա­ռու­թեան կեդ­րո­նը:

Այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը մաս կը կազ­մէ «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կու­թեան կող­մէ որ­դեգ­րուած հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու եւ ման­կա­վար­ժու­թեան վե­րա­բե­րող նոր ռազ­մա­վա­րու­թեան: Ան շա­րու­նա­կու­թիւնն է այս ծի­րին մէջ ստեղ­ծուած Լի­բա­նա­­նի Յա­տուկ նշա­նա­կու­թեան յանձ­նա­խում­բին եւ լի­բա­նա­նա­հայ վար­ժա­րան­նե­րու ու­սու­ցիչ­նե­րու մաս­նա­գի­տա­կան  վե­րամ­շակ­ման առըն­չու­թեամբ ա­նոր թե­լադ­րանք­նե­րուն: Այս ծրա­գի­րը յատ­կա­պէս մշա­կուած է  լի­բա­նա­նա­հայ վար­ժա­րան­նե­րուն հա­մար: Հիմ­նար­կու­թեան վար­ժա­րան­նե­րու նիւ­թա­կան յատ­կա­ցում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին, ինչ­պէս նաեւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պաշտ­պա­նու­թեան եւ զար­գաց­ման սա­տա­րե­լու իր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը:

Ուրբաթ, Ապրիլ 28, 2017