ԻՍԿԱԿԱՆ ԱՃՊԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացնէն ներս հակասական իրադարձութիւնները կը շարունակուին։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի հրաւէրով այսօր Մոսկուայի մէջ նախատեսուած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հանդիպումը։ Եռակողմանի այս տեսակցութեան մասին տակաւին պաշտօնական հաղորդումները չկատարուած՝ այս առաւօտ արդէն Արցախի ճակատէն հասան հերթական մտահոգիչ լուրերը։ Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան շփման գծին վրայ նահատակուեցաւ հայ զինուոր մը։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ Ատրպէյճանի կողմէ բացուած կրակին թիրախը դարձաւ Մհեր Արզումանեան (1998թ.)։ Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը քննութեան ձեռնարկած է այս դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար։
Մէկ կողմէ Մոսկուայի մէջ եռակողմանի ժամադրութիւն, իսկ միւս կողմէ շփման գծի վրայ անընդհատ յարձակումներ եւ հրադադարի խախտումներ։ Սա արդէն վաղուց սովորական, ընթացիկ դարձած երեւոյթ մըն է, ինչ որ իսկական աճպարարութեան մը նշանակութիւնը կը վերագրէ կարգաւորման բանակցութիւններուն։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ յայտնեց, թէ եռակողմանի ժամադրութեան ընթացքին կը յստակեցուին կողմերու դիրքորոշումները հակամարտութեան կարգաւորման խնդրայարոց երեսակներուն շուրջ։ Ըստ իրեն, համապատասխան փուլին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներն ու ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչն ալ կը միանան նախարարներուն։ Քննարկումներու ընթացքին կ՚ակնկալուի նաեւ յստակեցումը բանակցային գործընթացի հետագայ ձեւերուն։
Այս յայտարարութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտի մը մէջ կը սպասուի Մոսկուայի ժամադրութեան վերաբերեալ պաշտօնական յայտարարութեան, որուն նախորդեց Արցախի ճակատէն այս առաւօտ հասած լուրը՝ հայ զինուորի մը նահատակուելուն մասին։ Արցախի Նախագահ Բակօ Սահակեանի բանբերը՝ Դաւիթ Պապայեան երէկ յայտնած էր, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ իր ահաբեկչական քաղաքականութիւնը եւ երբեք չէ հրաժարած այդ գործելաոճէն։ Վերջին օրերուն Ատրպէյճանի զօրքերը կ՚իրականացնէին լայնածաւալ ռազմափորձեր ու մեկնաբանելով այդ երեւոյթը՝ Դաւիթ Պապայեան յայտնեց, որ Ստեփանակերտ ուշադրութեամբ կը հետեւի այդ բոլորին եւ հայկական զօրքերը բերուած են ամենաբարձր պատրաստուածութեան աստիճանին։ Իր համոզմամբ, Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը պէտք է գտնուի միջազգային հանրութեան եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ուշադրութեան կեդրոնին։ Իր յայտարարութիւններուն մէջ ան յայտնեց, որ Մոսկուայի եռակողմանի հանդիպումէն կ՚ակնկալեն տարածքաշրջանէն ներս խաղաղութեան պահպանումը։ «Համապարփակ կարգաւորման համար երկար ժամանակ պէտք է, մեծ ջանքեր պէտք են, ահագին խնդիրներ կան։ Այս բոլորը պէտք է հաշուի առնուին։ Հետեւաբար նման հանդիպումները պէտք է դիտարկենք քիչ մը այլ տեսանկիւնէ։ Ամենակարեւորը՝ տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման տեսակէտէ դիտարկումներ պէտք է ընենք եւ ընդհանրապէս՝ կարգաւորման խաղաղ գործընթացի շարունակականութեան տեսանկիւնէն։ Եթէ նման հարթութիւններու վրայ դիտարկենք, ի հարկէ, շատ կարեւոր է այդպիսի որեւէ հանդիպում», ըսաւ Պապայեան եւ աւելցուց, թէ այդպիսի հանդիպումները թոյլ կու տան, որպէսզի գործընթացը ըլլայ շարունակական։
Միւս կողմէ, Մոսկուայի եռակողմանի հանդիպման ճիշդ նախօրեակին, երէկ հաղորդուեցաւ, որ 26 Ապրիլին Ատրպէյճան հասած են ռուսական զէնքեր եւ ռազմական նորագոյն սարքաւորումներ։ Սա Պաքուի եւ Մոսկուայի միջեւ ստորագրուած համաձայնագրերու հիման վրայ է։ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ զինամթերքը ստացած են ծովու ճամբով, սակայն չմանրամասնեցին այս զինատեսակները։ Ատրպէյճան մեկնած են նաեւ ռուս մասնագէտներ, որոնք նոր զինատեսակներու գործածութիւնը պիտի սորվեցնեն իրենց ազէրի գործընկերներուն։ Հայ մեկնաբանները այս տեղեկատուութեան տարածման ժամկէտը կը մեկնաբանեն՝ որպէս Հայաստանի վրայ ճնշում Ռուսաստանի կողմէ։