ԾԱՆՐԱԲԵՌՆՈՒԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի փոխ-նա­խա­րար Սերժ Սրա­պիո­նեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ սար­քեց մամ­լոյ ա­սու­լիս մը, ո­րու ըն­թաց­քին իր կող­քին էր նա­խա­րա­րու­թեան Հա­մա­հայ­կա­կան ծրագ­րե­րու վար­չու­թեան պետ Գա­գիկ Կեան­ճու­մեան։ Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին փոխ-նա­խա­րա­րը տե­ղե­կու­թիւն­ներ տուաւ այն ծրագ­րե­րուն շուրջ, ո­րոնց հե­տա­մուտ է Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը։ Այս ամ­բող­ջին մէջ ան խօ­սե­ցաւ «Ա­րի տուն», «Սփիւռք» ա­մառ­նա­յին դպրո­ցի ծրագ­րե­րուն, «Կ՚եր­գենք Կո­մի­տաս» փա­ռա­տօ­նին, «Հա­յա­պահ­պա­նու­թեան գոր­ծի մէջ նշա­նա­կա­լի ա­ւան­դի հա­մար» մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան ըն­թաց­քին, ինչ­պէս նաեւ «Յոյ­սի եւ վե­րած­նուն­դի ճա­նա­պար­հով» խո­րագ­րեալ շաբ­թուան ծի­րէն ներս կա­յա­նա­լիք ձեռ­նարկ­նե­րուն շուրջ։

Սերժ Սրա­պիո­նեան բա­ցատ­րեց, որ նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կ՚աշ­խա­տի ար­տա­կարգ ու ծան­րա­բեռ­նուած ձե­ւով։ Իր խօս­քե­րով, ա­մէն տա­րի կ՚ա­ւել­նայ թի­ւը այն սփիւռ­քա­հա­յե­րուն, ո­րոնք կը փա­փա­քին մաս­նակ­ցիլ նա­խա­րա­րու­թեան ծրագ­րե­րուն։ «Ան­ցեալ տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին միայն «Ա­րի տուն» ծրագ­րով Հա­յաս­տան այ­ցե­լած է շուրջ 8 հա­զար պա­տա­նի», ը­սաւ ան եւ ա­ւել­ցուց, թէ սա կեն­սու­նակ ծրա­գիր մըն է ու յա­ջո­ղած է կեան­քի մէջ բռնել քննու­թիւն։ «Ան­գամ մը Հա­յաս­տան այ­ցե­լե­լով՝ ա­նոնք կը տես­նեն, կը ճանչ­նան, կը սի­րեն եւ կը կա­պուին հայ­րե­նի­քին, զի­րենք հիւ­րըն­կա­լող ըն­տա­նիք­նե­րու ան­դամ­նե­րուն հետ», ը­սաւ Սերժ Սրա­պիո­նեան եւ ա­ւել­ցուց, որ այս ծրա­գի­րը իս­կա­կան կա­մուրջ մըն է Հա­յաս­տա­նի եւ Սփիւռ­քի մի­ջեւ։ Մինչ այդ, բազ­մա­թիւ­ներ ալ ար­դէն իսկ հաս­տա­տուած են Հա­յաս­տա­նի մէջ։

Փոխ-նա­խա­րա­րը ընդգ­ծեց, որ նա­խա­րա­րու­թիւ­նը յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ծա­յէ սփիւռ­քա­հայ գոր­ծա­րար­նե­րուն նկատ­մամբ՝ Հա­յաս­տա­նի մէջ ներդ­րում­ներ կա­տա­րե­լու եւ սե­փա­կան գործ հաս­տա­տե­լու հար­ցե­րուն շուրջ։ Իր խօս­քե­րով, ար­դէն բազ­մա­թիւ են Հա­յաս­տա­նի մէջ հաս­տա­տուած եւ յա­ջող գոր­ծա­րա­րու­թեան տէր սփիւռ­քա­հա­յե­րու օ­րի­նակ­նե­րը։

Իր կար­գին, Գա­գիկ Կեան­ճու­մեանն ալ նշեց, որ նա­խա­րա­րու­թիւ­նը միշտ կը խրա­խու­սէ Սփիւռ­քի մէջ հայ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան պահ­պա­նումն ու ա­նոր զար­գաց­ման հե­տա­մուտ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը։ Այս ամ­բող­ջին մէջ կը գնա­հա­տուին նոյն նպա­տա­կին հե­տա­մուտ զա­նա­զան խում­բեր եւ ան­հատ­ներ, ո­րոնց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կը գնա­հա­տուի եւ կ՚ար­ժե­ւո­րուի։

Ա­սու­լի­սի տե­ւո­ղու­թեան ա­տե­նա­խօս­նե­րը պա­տաս­խա­նե­ցին նաեւ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հար­ցում­նե­րուն։

Ուրբաթ, Ապրիլ 28, 2017