ՄՕՏ ՕՐԷՆ ՆՈՐ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹ

Հա­յաս­տա­նի մէջ ներ­կայ ամ­սուան ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցած խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն վերջ աս­տի­ճա­նա­բար կը հա­սու­ննան նոր կա­ռա­վա­րու­թեան ձե­ւա­ւոր­ման աշ­խա­տանք­նե­րը։ Իշ­խա­նու­թեան գլուխ գտնուող եւ վեր­ջին ընտ­րու­թիւն­նե­րէն դար­ձեալ մե­ծա­մաս­նու­թիւն ա­պա­հո­վե­լով դուրս ե­կած Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը (ՀՀԿ) կը պատ­րաս­տուի դար­ձեալ հա­մա­խո­հու­թիւն մը կազ­մել Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թեան (ՀՅԴ) հետ։ Վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն այս խնդի­րը ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն կը զբա­ղեց­նէ երկ­րին օ­րա­կար­գը։

ՀՀԿ­-ի գոր­ծա­դիր մարմ­նի ե­րէ­կուան նիս­տէն վերջ, կու­սակ­ցու­թեան բան­բե­րը՝ Ե­դուարդ Շար­մա­զա­նով վերս­տին անդ­րա­դար­ձաւ այս նիւ­թին։ Ըստ ի­րեն, մօտ օ­րէն ՀՀԿ­-ի եւ ՀՅԴ­-ի մի­ջեւ պի­տի ստո­րագ­րուի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան նոր փաս­տա­թուղթ մը։ Ըստ բան­բե­րին, ընդ­հա­նուր հար­ցե­րու շուրջ գտած են հա­մա­ձայ­նու­թեան եզր մը դաշ­նակ­ցա­կան­նե­րուն հետ։ Շար­մա­զա­նով ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ չէ փո­խան­ցած յա­ռա­ջի­կայ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ձե­ւա­չա­փին մա­սին ու բա­ւա­րա­րուած է մատ­նան­շե­լով, որ ի­րենց հա­մար էա­կան է՝ ծրագ­րա­յին տես­լա­կա­նի շուրջ ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը։

Հարկ է նշել, որ Հա­յաս­տա­նի ընդ­դի­մա­դիր շրջա­նակ­նե­րը կը քննա­դա­տեն ՀՅԴ-ն՝ ՀՀԿ­-ի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լու եւ իշ­խա­նու­թեան ձեռ­քը գոր­ծիք մը դար­ձած ըլ­լա­լու հա­մար։

Ուրբաթ, Ապրիլ 28, 2017