ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՄՕՏ ՀԻՒՐ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան երէկ Երեւանի մէջ ընդունեց Լիբանանի Ծրագրաւորման պետական նախարար Միշէլ Փարաւոնը, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Ողջունելով հիւրը՝ Հրանոյշ Յակոբեան կարեւորեց իր այցելութիւնը դէպի Հայաստան։ Ան նշեց, որ այս այցելութիւնը կրնայ նոր ուղիներ բանալ Հայաստան-Լիբանան յարաբերութիւններուն մէջ՝ թէ՛ կառավարման եւ թէ գործարարութեան ոլորտներէն ներս։ «Մեր նախարարութեան խնդիրներու շարքին է Սփիւռքը տեղեակ պահել մեր որդեգրած ներդրումային քաղաքականութեան, անոր օրէնքներուն շուրջ։ Մեր կայքին վրայ զետեղած ենք աւելի քան հարիւր ծրագրեր ու պիտի փորձենք զանոնք տարածել նաեւ մեր օտար բարեկամներու շրջանակներէն ներս։ Պէտք է նպաստենք Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ զբօսաշրջութեան զարգացման։ Պէտք է Լիբանանի հանրութեան ներկայացնել Հայաստանի առաւելութիւնները», ըսաւ Հրանոյշ Յակոբեան։
Իր կարգին, Միշէլ Փարաւոն շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար ու շեշտեց, որ Հայաստան կ՚այցելէ սիրով եւ ոգեւորութեամբ։ «Սա իմ երկրորդ այցելութիւնն է Հայաստան։ Առաջին անգամ այցելած էի 1999 թուականին։ Այս անգամ աւելի տպաւորուած եմ։ Հայաստանի մէջ նկատեցի քանի մը կարեւոր բան՝ անվտանգութիւն, քաղաքական կայունութիւն։ Բարելաւուած են ներդրողներու պայմանները։ Պէտք է համագործակցութիւն ըլլայ պետական եւ մասնաւոր հատուածներուն միջեւ։ Տնտեսութեան զարգացման համար կարեւոր է նաեւ Հայաստանի ընդգրկուած ըլլալը Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան կազմին մէջ, ինչպէս նաեւ Իրանի հետ ազատ տնտեսական գօտիի հաստատումը։ Լիբանանի գործարարութեան համար նախընտրելի են Հայաստանի հետ գործնական կապերը։ Այդ բոլոր հարցերը քննարկելու համար պէտք է կազմակերպել տնտեսական ֆորում մը», ըսաւ Միշէլ Փարաւոն։
Զրոյցի տեւողութեան քննարկուեցան Սուրիայէն խոյս տալով Հայաստանի մէջ հաստատուած փախըս-տականներու տեղաւորման, անոնց կրթական եւ առողջական հարցերու լուծման ուղիներուն վերաբերեալ հարցեր։ Կարեւորուեցան Հայաստան-Լիբանան կապերու ամրացումը եւ համագործակցութիւնը տնտեսական, կրթական ու մշակութային բնագաւառներէն ներս։