ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՈՐՈՇՈՒՄ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի աղբիւրները արձագանգ հանդիսացան զգայացունց լուրի մը։ Այսպէս, թեմակալ բազմամեայ առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան որոշած է այլեւս թեկնածու չներկայանալ այդ պաշտօնին համար։ Անակնկալ այս որոշման հրապարակումը կը զուգադիպի Արեւելեան թեմի 116-րդ պատգամաւորական ժողովի գումարման սեմին։ Արդարեւ, 3-5 Մայիս թուականներուն նախատեսուած է Թեմական պատգամաւորական ժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ Ուէսթ Չեսթըրի մէջ։

Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի ամենաերկար պաշտօնավարած առաջնորդը կը հանդիսանայ։ 1990 թուականին ան ստանձնած էր առաջնորդի պաշտօնը, երբ հոգելոս Տ. Թորգոմ Արք. Մանուկեան ընտրուած էր Երուսաղէմի հայոց պատրիարք։ Տ. Թորգոմ Արք. Մանուկեան 24 տարի որպէս առաջնորդ պաշտօնավարած էր Արեւելեան թեմէն ներս՝ 1966-1990 թուականներուն։ Աւելի առաջ ալ, 1944-1954 թուականներուն, 10 տարի առաջնորդի պաշտօնը զբաղեցուցած էր հոգելոյս Տ. Տիրան Արք. Ներսոյեան։ Այս երկու տիրական անուններէն վերջ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եղաւ այն առաջնորդը, որ 28 տարի պաշտօնավարելով գործի գլուխ մնաց ամենաերկար պաշտօնավարութեան շրջանով։ Արեւելեան թեմի առաջնորդական վերջին ընտրութիւններուն նորին սրբազնութիւնը քուէներու միայն մէկ տարբերութեամբ վերընտրուած էր։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի 28 տարուան պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանին Արեւելեան թեմը ծաղկեցաւ բառին բուն իմաստով։ Նոյն ժամանակաշրջանին զուգադիպեցան կարեւոր իրադարձութիւններ եւ յոբելեաններ։ Նորին սրբազնութեան պաշտօնավարութեան տարիներուն՝ 1998 թուականին նշուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւեալ թեմի հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելեանը։

Կը հաղորդուի, որ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան իր այս որոշման համար ունեցած է նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հաւանութիւնը։ Բաց աստի, ան թեմի պատկան կառոյցներն ու հոգեւորականաց դասու անդամներն ալ տեղեակ պահած է յատուկ նամակներով։

Հիմա հետաքրքրութեամբ կը սպասուի յառաջիկայ իրադարձութիւններուն։ Նիւ Եորքի Առաջնորդարանը հայկական սփիւռքի ազգային-եկեղեցական առանցքային կեդրոններէն մին է։ Թէ ո՞վ պիտի ըլլայ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի յաջորդը։ Այս հարցումին պատասխանը պիտի յստականայ 3-5 Մայիս թուականներուն նախատեսուած Թեմական պատգամաւորական ժողովի ժամանակ։ Նիւ Եորքի աղբիւրները հաւանական կը համարեն, որ նոր առաջնորդի ընտրութեան համար որդեգրուի ժամանակացոյց մը։ Եթէ այս ճանապարհը որդեգրուի, ապա յառաջիկայ Թեմական պատգամաւորական ժողովին ընթացքին ամենայն հաւանականութեամբ ընտրուի առաջնորդական տեղապահ մը եւ անոր մականին ներքեւ աւելի վերջ իրականացուի նոր առաջնորդի ընտրութիւնը։

Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու երիցագոյն անդամներու շարքին է։ Ան միաբան է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան։ Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու մէջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի յառաջատար ներկայացուցիչներէն մին եղած է։

Թրքահայ ընտանիքէ մը սերած եւ նախնական ուսումը քաղաքիս մէջ ստացած, նաեւ միջոց մը քաղաքիս մէջ ծառայած Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան Պոլսոյ Աթոռի պարագային պատրիարքի թեկնածուներու շարքին է։ Ան ի սկզբանէ յայտնած է, որ չի յաւակնիր պատրիարքական թեկնածու ըլլալ՝ հակառակ անոր, որ համայնքային շրջանակներէն ներս ունի բազում համակիրներ ու կողմնակիցներ։ Համայնքային շրջանակները երկար ժամանակէ ի վեր կը սպասեն, որ նորին սրբազնութիւնը վերատեսութեան ենթարկէ իր այդ որոշումը։ Յամենայնդէպս, առայժմ այդ մանրամասնութիւնները յստակ չեն։ Մօտաւոր անցեալին, Երուսաղէմի պատրիարքի ընտրութեան ժամանակ եւս թեկնածուներու շարքին էր Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի անունը, սակայն ան չէր փափաքած ստանձնել այդպիսի պաշտօն մը։ Հիմա, որ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան որոշած է թողուլ Արեւելեան Թեմի առաջնորդի պաշտօնը, ապա ապահովաբար իր թեկնածութեան հաւանականութեան շուրջ քննարկումները կամ խօսակցութիւնները վերստին թափ պիտի ստանան համայնքային կեանքէն ներս։

Շաբաթ, Ապրիլ 28, 2018