ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՔԱՅԼ

Քորէական թերակղզիէն հասած լուրերը երէկ հանգիստ շունչ մը պարգեւեցին միջազգային ընտանիքին, որ աշխարհի բազմաթիւ հակամարտութիւններուն բերումով կը դիմագրաւէ լուրջ դժուարութիւններ։ Այսպէս, Հիւսիսային եւ Հարաւային Քորէաները պայմանաւորուեցան աշխատիլ՝ թերակղզիի ապամիջուկայնացման շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Հիւսիսային Քորէայի ապահոված միջուկային զէնքերը վերջին շրջանին լուրջ սպառնալիք մը դարձած էին համաշխարհային խաղաղութեան։

Այս իրավիճակին մէջ Հարաւային Քորէայի նախագահ Մուն Ճէ Ի եւ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ուն երէկ ունեցան հանդիպում մը եւ համաձայնեցան բանակցութիւններու ձեռնարկել՝ թերակղզին ապառազմականացնելու առաջադրութեամբ։ Համայն աշխարհ այս հանդիպումը ընկալեց որպէս՝ սրդողած եղբայրներու հաշտեցում։ Երկու նախագահները ձեռք ձեռքի հատեցին Հիւսիսային եւ Հարաւային Քորէաներու սահմանը, նաեւ տնկեցին եղեւին մը։ Փհէնեանի եւ Սէուլի ղեկավարութիւնները արդէն որոշած են դրական քայլեր առնել իրարու ընդառաջ։

Անգարայի ղեկավարութիւնն ալ ողջունեց այս կարեւոր քայլը, որ առնուած է 65 տարի վերջ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիա կը խրախուսէ այս պատմական քայլը ու կը մաղթէ անոր յաջողութեամբ տեւականացուիլը։

Միւս կողմէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփն ալ կը պատրաստուի յառաջիկայ շրջանին հանդիպում մը ունենալ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարին հետ։

Շաբաթ, Ապրիլ 28, 2018