ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ ՀՐԱՒԻՐԵՑ ՓԱՇԻՆԵԱՆԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առաւօտ հանդիպում մը ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Մայր Աթոռի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ Էջմիածին հրաւիրեց Հայաստանի խորհրդարանի «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար եւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանը։ Նորին Սրբութիւնն ու Նիկոլ Փաշինեան քննարկեցին Հայաստանի ներքին քաղաքական իրավիճակին վերաբերեալ հարցեր։

Շաբաթ, Ապրիլ 28, 2018