ԼԱՒՐՈՎԻ ԵՒ ՊԱՅՐԱՄՈՎԻ ՄԻՋԵՒ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Մոսկուայի դիւանագիտական աղբիւրները հաղորդեցին, որ երկու նախարարները քննարկեցին յառաջիկային բարձր մակարդակի վրայ նախատեսուած շփումներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տնտեսական ու փոխադրական միջոցներու ապաշրջափակման հարցերով գործի լծուած եռակողմանի աշխատանքային խումբի գործունէութեան վերաբերեալ հարցեր։ Արցախի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան եւ յաջորդած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքն ալ օրակարգի վրայ եկաւ նախարարներու զրոյցին ժամանակ։ Լաւրով եւ Պայրամով կանգ առին Մոսկուա-Պաքու յարաբերութիւններու այժմէական հարցերուն վրայ։

Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան առանցքին վրայ կը շարունակէ հրատապ բնոյթ ներկայացնել գերիներու եւ պատանդներու փոխանակման հարցը։ Պաքուի կողմէ այս գործընթացի ձգձգումը շատ բարդ կացութեան մը ծնունդ տուած է՝ այն աստիճան, որ ընդհանուր պայմանաւորուածութիւններու կեանքի կոչուիլը գործնականօրէն կը վտանգուի։ Երեւանի ղեկավարութիւնը բոլոր հարթութիւններու վրայ կ՚ընդգծէ այս հարցին հրատապ նշանակութիւնը։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ համապատասխան հարցերը մատնանշեց նաեւ՝ Անգլիայէն պարոնուհի Քարոլայն Քոքսը եւ Կեդրոնամերիկեան խորհրդարանի նախագահ Ֆանի Քարոլինա Սալինաս Ֆերնանտեսը հիւրընկալելու ժամանակ։ Անոնք վերջին օրերուն Երեւան այցելեցին՝ մասնակցելու համար 24 Ապրիլի ոգեկոչումներուն։ Բացի Այվազեանէն, Քոքս երէկ հիւրընկալուեցաւ նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։ Գերիներու հարցը դարձեալ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։

Միւս կողմէ, Եւրոխորհուրդի Մարդու իրաւանց յանձնակատար Տիւնիա Միաթովիչ նամակ մը ուղարկեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին։ Եւրոխորհուրդի պաշտօնական կայքէջին վրայ ալ հրապարակուեցաւ այդ նամակը, որու բովանդակութեան մէջ յանձնակատարը խոր մտահոգութիւն յայտնեց Պաքուի մէջ «Ռազմական աւարի պուրակ»ի բացման կապակցութեամբ։ «Ես նման պատկերները շատ տագնապեցուցիչ եւ ստորնացուցիչ կը համարեմ։ Այդպիսի դրսեւորումը կրնայ միայն աւելի խորացնել թշնամական տրամադրութիւնները եւ թշնամական լեզուն», նշուած է Միաթովիչի նամակին մէջ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2021