ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԴՐԱԿԱՆ ՍՊԱՍՄԱՆ ՀԵՏԱՄՈՒՏ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան «BBC Weekend» ծրագրին տուաւ հարցազրոյց մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ 24 Ապրիլի առթիւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ կատարուած յայտարարութեան։ Ան այս առթիւ յայտարարեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը համամարդկային խնդիր մըն է։ Ըստ իրեն, Ճօ Պայտընի պատգամը նշանակալի ներդրում մը ունի անոր կլոպալ ճանաչման եւ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման տեսակէտէ։

Թէ ի՞նչ ազդեցութիւն կ՚ունենայ Ճօ Պայտընի յայտարարութիւնը Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն վրայ։ Ի պատասխան այս հարցման՝ Արա Այվազեան նշած է, որ Թուրքիա Հայաստանի դէմ թշնամական եւ ակրեսիւ քաղաքականութիւն մը կը վարէ անկախութեան վերականգնումէն սկսեալ, 1991 թուականէն ի վեր։ Իր խօսքով՝ Թուրքիա մերժած է Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը, փակած է սահմանը եւ Հայաստանի դէմ վարած է հետզհետէ աճող թշնամական քաղաքականութիւն մը։ Աւելին՝ Թուրքիա ուղղակիօրէն ներգրաւուած է Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած բռնութեան։ Այվազեան կրկնած է հակամարտութեան տարածքաշրջան ուղարկուած հազարաւոր օտարերկրեայ զինուորներու վերաբերեալ քննադատութիւնները։

«Կը յուսանք, թէ ԱՄՆ-ի նախագահի այս շատ կարեւոր յայտարարութիւնը ճանապարհ կը հարթէ երկխօսութեան եւ, ի վերջոյ, յարաբերութիւններու կարգաւորման համար։ Սա նաեւ կը նպաստէ տարածքաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան», նշած է Արա Այվազեան՝ աւելցնելով նաեւ, որ սա հիմք կը ստեղծէ, որպէսզի Թուրքիոյ հասարակութիւնը առերեսուի պատմութեան ողբերգական էջերուն։ Իր կարծիքով՝ Պայտընի յայտարարութիւնը գետին կը պատրաստէ երկու հարեւան երկիրներու միջեւ երկխօսութեան համար։ «Երկու հարեւան երկիրներու միջեւ ստեղծուած էր անջրպետ եւ կը կարծեմ, թէ սա շատ կարեւոր քայլ մը կ՚ըլլայ մեր յարաբերութիւններու կարգաւորման համար», նշած է նախարար Արա Այվազեան։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2021