ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒ ՀԱՆԳՈՅՑԻՆ

Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին յաջորդած առկայ մթնոլորտին մէջ հրատապ հարց դարձած է՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս հայկական կրօնամշակութային, ճարտարապետական ժառանգութեան, յուշարձաններու գոյութեան երաշխաւորումն ու պահպանումը։ Հայկական կողմը միջազգային հարթութեան վրայ յաճախ ահազանգ կը հնչեցնէ այս հարցին շուրջ, մինչ տեղի կ՚ունենան նաեւ զանազան ձեռնարկներ։ Այս ծիրէն ներս, երէկ, Երեւանի մէջ սկսաւ «Արցախի վտանգուած ժառանգութիւնը. մարտահրաւէրներու հանգոյցին» խորագրեալ համաժողովը։ Մատենադարանի համալիրէն ներս կազմակերպուած ձեռնարկի ընթացքին նշուեցաւ, որ սոյն համաժողովը կրնայ դառնալ տարեկան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, համաժողովի ընթացքին ատենախօսներ շեշտեցին, որ ներկայիս աւելի քան երկու հազար յուշարձան վտանգուած է՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս։

Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու միջազգային օրուայ շրջանակներէն ներս կազմակերպուած համաժողովի մասնակիցներու շարքին էին պետական կամ միջազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, յուշարձանագէտներ, հոգեւորականներ եւ այլ մասնագէտներ։

Համաժողովի բացման ելոյթ մը ունեցաւ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Վահրամ Տումանեան։ Այս առթիւ ան համաժողովի մասնակիցներուն դիտել տուաւ, որ բարոյական գնահատականներ տալէ անդին՝ նպատակն է դիմակայութեան դրութիւններ մշակել։

Միւս կողմէ, այս համաժողովի բացման զուգահեռ՝ երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ բացօթեայ համերգ մը, որ կազմակերպուած էր մայրաքաղաքի հնագոյն սրբավայրի՝ Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ բակին մէջ։ Երեկոյթի յայտագրին մաս կազմեցին Հայաստանի Պետական սենեկային երգչախումբը, «Տաղարան» համոյթը, «Ագապէ» սենեկային երգչախումբը եւ «Արդի-ժողովրդական» նուագախումբը։

ԽՈՉԸՆԴՈՏ

Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներու ամենակարեւոր սրբավայրերէն է Դադիվանքը, որ ներկայիս վերահսկողութեան տակ առնուած է Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբին կողմէ։ Այնտեղ ծիսակատարութիւնները կը շարունակուին եւ ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ ատեն-ատեն ուխտաւորներու այցելութիւններ կը կազմակերպուին։ Երեւանի աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկ դէպի Դադիվանք նախատեսուած էր ուխտագնացութիւն մը, մինչ այնտեղ տեղի պիտի ունենար նաեւ քահանայական ձեռնադրութիւն։ Հակառակ այդ բոլորի նախապէս համաձայնեցուած ըլլալուն, Ատրպէյճան վերջին պահուն խոչընդոտներ ստեղծած է եւ ուխտագնացութեան ծրագիրը ձախողած։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խստիւ արձագանգած է այս ցաւալի իրադարձութեան։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2021