ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԲՈՂՈՔ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ 24 Ապրիլին կատարուած յայտարարութիւնը երէկ քննարկման նիւթ դարձաւ Ազգային մեծ ժողովէն ներս։ Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ բուռն հակազդեցութիւնը եւ բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին Սպիտակ տան պատգամին դէմ, որով 1915-ի դէպքերը որակուած են ցեղասպանութիւն։ Այս ամբողջին մէջ, խորհրդարանի նախագահութեան կողմէ պատրաստուած նախագիծ մը երէկ օրակարգի վրայ եկաւ լիագումար նիստի ընթացքին։ Այդ բանաձեւը կը նախատեսէր ԱՄՆ-ի նախագահ Պայտընի յայտարարութիւնը առ ոչինչ համարել։ Խորհրդարանի երդիքին տակ ներկայացուած հինգ կուսակցութիւններէն չորսը այս ուղղութեամբ հաւանութիւն տուին։ ԱՔ կուսակցութեան, ՃՀՓ-ի, ՄՀՓ-ի եւ «Իյի» կուսակցութեան երեսփոխանները քուէարկութիւնով մը վաւերացուցին խորհրդարանի նախագահութեան կողմէ պատրաստուած նախագիծը։ Այսպէսով Պայտընի յայտարարութիւնը յաչս Թուրքիոյ առ ոչինչ համարուեցաւ։ Միեւնոյն ժամանակ, մատնանշուեցաւ, որ ԱՄՆ-ի ղեկավարութիւնը տեղի տուած է հայկական լոպիներու ճնշումներուն։ Ուստի, խորհրդարանի կուսակցութիւնները Պայտընը հրաւիրեցին այդ որոշումէն ետ դառնալ։ Ազգային մեծ ժողովը կոչ ուղղեց, որպէսզի Ճօ Պայտըն ետ առնէ իր խօսքը։

Խորհրդարանական կուսակցութիւնները համոզուած են, թէ Ճօ Պայտընի առած քայլը անպատասխանատուութեան օրինակ մըն է։ Յիշեցուած է, որ անհրաժեշտ պայմանները գոյութիւն չունին՝ 1915 թուականի դէպքերու ցեղասպանութիւն որակման համար։ Յղում կատարուած է Եւրոպայի Մարդու իրաւանց ատեանին 2015 եւ 2017 թուականի վճիռներուն, որոնց մէջ 1915-ի դէպքերը բնութագրուած են՝ որպէս պատմական վէճ։ Մնաց որ, քաղաքական գործիչի մը կողմէ դատարաններու իրաւասութեան վիճակած նիւթի մը շուրջ որոշման յանգիլը թէ՛ իրաւական եւ թէ բարոյագիտութեան տեսակէտէ անպատասխանատուութեան օրինակ մըն է։

Խորհրդարանի քաղաքական ուժերը շեշտած են, որ Պայտընի խօսքը իրականութիւններու չի համապատասխաներ։ Ան թուրք ազգի խիղճը վիրաւորած է իր սխալ յայտարարութիւնով։ Կուսակցութիւնները կոչ ուղղած են, որպէսզի Պայտըն խրախուսէ տարածքաշրջանի ժողովուրդներու խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան մէջ ապրելու ուղղեալ ջանքերը՝ գլխաւորութեամբ թուրք եւ հայ ժողովուրդներու։ Յիշեցուած է նաեւ, որ Պայտընի պատգամը անխուսափելիօրէն ժխտական անդրադարձ պիտի ունենայ թուրք-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ։ Ուստի, պահանջուած է, որ Ճօ Պայտըն ետ կանգնի այդ քայլէն։

Մինչ այդ, երէկուան լիագումար նիստէն առաջ կուսակցութիւններու խորհրդարանական խմբակցութիւններու ժողովներուն ընթացքին ալ քննարկման նիւթ դարձաւ այս հարցը։ Ընդդիմադիր առաջնորդները այս փուլին եւս խստիւ քննադատեցին Ճօ Պայտընը։

ՓԵՆԹԱԿՈՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Միւս կողմէ, թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ յառաջացած ներկայ կացութեան արձագանգեցին նաեւ Փենթակոնի աղբիւրները։ Այսպէս, ԱՄՆ-ի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Ճոն Քէօրպի յայտնեց, որ Թուրքիա ՆԱԹՕ-ի կարեւոր դաշնակիցներէն մին է եւ իրենք չեն ակնկալեր, որ Ճօ Պայտընի յայտարարութիւնը ազդեցութիւն գործէ երկկողմանի զինուորական յարաբերութիւններուն վրայ։

ՊԱՏՄԱԲԱՆ ՓՐՈՖ. ԻԼՊԷՐ ՕՐԹԱՅԼԸ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԿՈՒ ՏԱՅ, ՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ՀԱՅԵՐԷՆ ՍՈՐՎԻՆ

«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը այսօր տեղ տուած է յայտնի պատմաբան փրոֆ. Իլպէր Օրթայլըի յայտարարութիւններուն, ըստ որոնց տգէտ է այն, որ 1915-ի դէպքերը կ՚որակէ՝ որպէս ցեղասպանութիւն։ Ան նոյն մեղադրանքը հասցէագրած է նաեւ այն պատմաբաններուն, որոնք կ՚ըսեն, թէ հայոց ցեղասպանութիւն մը տեղի ունեցած է։

Թերթի աշխատակիցներէն Ֆուլիա Սոյպաշի հետ զրուցելու ընթացքին Իլպէր Օրթայլը նշած է, թէ կայսրութիւններու փլուզման ժամանակ նկատուած բախումներուն ցեղասպանութեան բնոյթ չի վերագրուիր։ Իր խօսքով՝ Թուրքիոյ մէջ ալ կան պատմաբաններ, որոնք կը հաւատան, թէ հայոց ցեղասպանութիւն մը տեղի ունեցած է։ Անոնք պրակի մը չափ գիտութիւն չունին, սակայն կը խօսին։ Ըստ Իլպէր Օրթայլըի կարելի չէ նաեւ Թուրքիան պաշտպանել՝ ըսելով, որ սա Օսմանեան պետութեան գործն էր։

«Պատժամիջոցները եւ փորձանքները չես կրնար հեռացնել», յայտնած է Իլպէր Օրթայլը, որ խորհուրդներ տուած է նաեւ այս զրպարտութեան դէմ պայքարելու ճանապարհին շուրջ։ Թուրքիա փութով պէտք է ուսումնասիրութեան միջազգային խումբ մը ստեղծէ։ Անոր կազմին մէջ հայ գիտնականներ ալ պէտք է ընդգրկուին։ Այս նիւթին հետամուտ թուրքերը պէտք է հայերէն սորվին։ «Մենք ըսելիք խօսք պէտք է ունենանք։ Վաղը միւս օր դատեր պիտի սկսին։ Քանի՞ փաստաբան կրնայ պաշտպանել մեզ։ Հարցի խորքին պէտք է իջնենք», յայտնած է ան։

Ըստ Իլպէր Օրթայլըի, քառասուն տարիէ ի վեր ԱՄՆ-ի մէջ որեւէ նախագահ Թուրքիոյ դէմ այսպիսի ծանր մեղադրանք մը օրակարգի վրայ չէր բերած։ Սա կ՚ըլլար թէ՛ ԱՄՆ-ի եւ թէ Թուրքիոյ մէջ ամուր բարեկամներու շնորհիւ։ Թէ ո՞վ էր այդ բարեկամը։ Օրթայլը յիշեցուցած է, որ ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ հզօր հրէական լոպիներուն կը վերաբերի իր խօսքը։ «Այսօր այլեւս չունինք այդ ամուր բարեկամները։ Թուրքիայէ ներս բարձրացած անտեղի հակասեմականութեան հետեւանքներէն մին ահա այս է», ըսած է ան եւ  աւելցուցած է, որ ցեղասպանութիւնը ծանր մեղադրանք մըն է եւ այդպէս դիւրութեամբ կարելի չէ այդ մասին խօսիլ։ Ըստ իրեն աշխարհի մեծագոյն ցեղասպանութիւնը հրէից ողջակիզումն է, որմէ վերջ ալ կու գայ գնչուներունը։ «Այժմ աշխարհ ցեղասպանութեան հասկացութիւնը, սահմանումը ընդլայնելու ետեւէն ինկած է։ Բոլոր փոխադարձ սպանդները ցեղասպանութիւն չեն», նշած է ան։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2021