ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿԻ «ԵՌԱՁԱՅՆ ՊԱՏԱՐԱԳ»Ը ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԲԵՄԱԿԱՆԱՑՈՒԱԾ

Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս նախընթաց օր երեկոյեան ներկայացուեցաւ Պարոյր Սեւակի «Եռաձայն պատարագ» պոէմը։ Պարոյր Սեւակ այսպէս անուանած էր լաւատեսութեան, վերածնունդի եւ յոյսի այս պոէմը, զոր գրած էր «Անլռելի զանգակատուն»էն եօթ տարի վերջ, քսան օրուայ ընթացքին ու նոր էջ մը բացած՝ հայ գրականութեան մէջ։ Այս ստեղծագործութիւնը առաջին անգամ բեմականացուած ձեւով ներկայացուեցաւ։ 24 Ապրիլի ոգեկոչումներուն ծիրէն ներս կազմակերպուած երեկոյթը համախմբեց բազմաթիւ գեղարուեստասէրներ։

Կոմիտասի մեղեդիներով եւ հոգեւոր երաժշտութեամբ համեմուած այս ձեռնարկի ընթացքին հանդէս եկան «Սաղմոսերգու» արական երգչախումբը, «Գեղարդ» երգեցիկ խումբը եւ Հայաստանի Սիմֆոնիք նուագախումբը։ Բեմին վրայ էր Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտներէն Տիգրան Ներսիսեան, որ շուրջ երեք ժամ նոյնութեամբ ընթերցեց Պարոյր Սեւակի «Եռաձայն պատարագ»ը։ Ան ոգեկոչեց Եղեռնի սրբադասեալ նահատակներու յիշատակը եւ Պարոյր Սեւակի լեզուով հնչեցուց բոլորին ուղղեալ՝ մէջքը ուղղելու կոչը։

Այս նախագծի հեղինակն է Կարէն Արիստակէսեան, որու մտայղացումով բեմադրութիւնը իրականացաւ «Լոյս» հիմնադրամի միջոցներով։ Ինչպէս ծանօթ է, այս հիմնադրամը կը ղեկավարուի Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ, որ եւս ներկայ էր Օփերայի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին՝ իր շուրջ ունենալով՝ նոյնպէս իր ղեկավարած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութենէն դէմքեր։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2021