ԱՔՔՈՒՅՈՒԻ ԱԹՈՄԱԿԱՅԱՆԸ ԼԻՑՔԱՒՈՐՈՒԵՑԱՒ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹՈՎ

Թուրքիա երէկ յատկանշական օր մը ապրեցաւ եւ պաշտօնապէս դասուեցաւ աշխարհի այն երկիրներու շարքին, որոնք հիւլէական ուժի տէր են։ Թուրքիա-Ռուսաստան համագործակցութեամբ Աքքույուի մէջ, Մերսին, կառուցուած հիւլէակայանին բեռնուեցաւ առաջին հիւլէական վառելանիւթը։ Սա ուժանիւթի բնագաւառէն ներս Անգարա-Մոսկուա համագործակցութեան կոթողային վկայութիւններէն մին է։

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին առցանց ելոյթներով մասնակցեցան՝ աթոմային վառելանիւթի լիցքաւորման արարողութեան։ Նախագահ Էրտողան շեշտեց, որ նոր հիւլէակայաններու կառուցումն ալ կը նախատեսուի։

Աքքույուի աթոմակայանը 25 միլիառ ամերիկեան տոլար արժողութեամբ ծրագրի մը կեանքի կոչուելով կառուցուած է։ 2 հազար ֆութպոլի դաշտի մեծութեան համազօր տարածութեան մը մասին է խօսքը։ Շինարարական աշխատանքներուն մասնակցած է շուրջ 30 հազար հոգի։ 9 սաստկութեամբ երկրաշարժի մը դէմ դիմադրունակութիւնով ծրագրուած է։ Նոյնիսկ օդանաւի մը անկումի հաւանականութեան դէմ նախազգուշական միջոցներ ձեռք առնուած են։ 60 տարուան ժամանակաշրջանով մը կարելի պիտի ըլլայ գործարկել այս աթոմակայանը։ Անհրաժեշտութեան պարագային եւս 20 տարի երկարաձգել կարելի պիտի ըլլայ այդ ժամկէտը։

Աքքույուի աթոմակայանը ունի 4 ռէաքթէօր։ Աշխարհի վրայ ներկայիս գոյութիւն չունի ծրագիր մը, որով նոյնաժամանակ 4 ռէաքթէօր կը կառուցուի։ Երբ այդ 4 ռէաքթէօրներն ալ սկսին արտադրութեան, ապա աթոմակայանը ի վիճակի պիտի ըլլայ դիմագրաւելու Թուրքիոյ ելեկտրական ուժանիւթի ընդհանուր կարիքի 10 տոկոսը, ինչ որ կը համապատասխանէ ամբողջ Իսթանպուլի կարիքին։

Ուրբաթ, Ապրիլ 28, 2023