ՔԱԹՐԻՆ ՔՈԼՈՆՆԱ ՊԱՔՈՒ ԵՒ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ

Արցախը արդէն ամբողջական պաշարման մէջ է։ Հակարի կամուրջին վրայ Ատրպէյճանի կողմէ անցակէտի տեղադրումով շրջափակումը շատ աւելի սաստկացած է, իսկ մտահոգիչ հաւանականութիւնները կը քննարկուին շատ աւելի առաջնահերթօրէն։

 Տարածաշրջանի պայթիւնավտանգ առկայ իրադրութեան պայմաններուն ներքեւ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննա ուղեւորութեան մը ձեռնարկած է դէպի Հարաւային Կովկաս։ Ան երէկ այցելեց Պաքու եւ Երեւան։ Ֆրանսացի նախարարը օրուան սկիզբին Պաքուի մէջ տեսակցեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Ան յարգանքի այցելութիւն մըն ալ տուաւ նահատակաց յուշարձանը։ Օրուան աւարտին Քաթրին Քոլոննա հասաւ Երեւան, ուր ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Այս առաւօտ ալ ֆրանսացի նախարարը այցելեց սահմանամերձ Ջերմուկ, նաեւ ծաղկեպսակ մը զետեղեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի ուղեկցութեամբ։

Քոլոննայի այցելութեան ժամանակ հնչած բոլոր յայտարարութիւնները հերթական անգամ ցոլացուցին Երեւանի եւ Պաքուի հակադիր դիրքերը։ Փաշինեան Քոլոննայի հետ քննարկեց Լաչինի միջանցքին մէջ Ատրպէյճանի կողմէ անցակէտի տեղադրումը, ինչ որ համարեց հրադադարի համաձայնութեան կոպիտ խախտում։ Վարչապետը օրուան սկիզբին ալ յայտնած էր, որ Պաքու շարունակաբար իրադրութիւնը կը սրէ տարածաշրջանէն ներս։ Ան ապօրինի որակած էր Լաչինի միջանցքին մէջ տեղակայուած անցակէտը։ «Բացի Ռուսաստանէն, ոեւէ մէկը Լաչինի միջանցքին մէջ վերահսկողութիւն պէտք չէ իրականացնէ», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ Ատրպէյճանի քայլով հրադադարի համաձայնութիւնը կոպտօրէն խախտուած կ՚ըլլայ։ Իր խօսքով, իւրաքանչիւր օր աւելի ու աւելի անհրաժեշտ կը դառնայ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Լաչինի միջանցքին մէջ աւելի լայն միջազգային ներկայութիւնը։ Վարչապետին համոզմամբ, Երեւան-Պաքու հաւանական խաղաղութեան պայմանագիրը պէտք է ունենայ իրագործման երաշխիքներու եւ վէճերու լուծման դրութիւններու հասկնալի ու գործուն համակարգ մը։

Պաքուէն հնչած յայտարարութիւնները տրամագիծօրէն հակառակ են։ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը Լաչինի միջանցքին մէջ անցակէտի տեղադրումը կը համարէ երկրի ազգային անվտանգութեան տեսակէտէ անհրաժեշտութիւն։ Բաց աստի, Հայաստանը կը մեղադրուի՝ հրադադարի համաձայնութեան չհնազանդելով։ Կը պնդուի, որ Լաչինի միջանցքին մէջ անցակէտի տեղակայումը չի հակասեր հրադադարի համաձայնութեան, այլ ընդհակառակն։ Իլհամ Ալիեւ Քաթրին Քոլոննայի հետ երէկ զրուցելու ընթացքին յայտնեց, որ եռակողմանի համաձայնութեան ստորագրումէն յետոյ Հայաստան իր պարտականութիւնները չի կատարեր։ «Հայաստան թոյլ չի տար Նախիջեւանի հետ միջանցք ստեղծել, իր զօրքերը դուրս չի բերեր Ատրպէյճանի տարածքէն, ուր տեղակայուած են ռուս խաղաղապահները եւ Լաչինի միջանցքը կ՚օգտագործուի դէպի Ղարաբաղ զէնք ու զինամթերք փոխադրելու համար», պնդեց ան։

Իր կարգին, Ճէյհուն Պայրամովն ալ յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է շարունակել Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ երկխօսութիւնը։ Պաքու կը սպասէ Երեւանի շուտափոյթ վերադարձին բանակցային գործընթաց։ Պայրամով Քոլոննայի հետ զրուցելու ընթացքին պնդեց, որ Լաչինի ճանապարհը բաց է ու պիտի շարունակէ մնալ։

Տարածաշրջանային այցելութեան ընթացքին Քաթրին Քոլոննան ալ նշեց, որ այսօր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գոյութիւն ունի խաղաղութեան հնարաւորութիւն։ Իր խօսքով՝ երկու երկիրները պէտք է ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ անհրաժեշտ է ընթանալ այս դժուարին ճանապարհով։ «Արմէնփրէս»ին տուած հարցազրոյցին մէջ ալ Քոլոննա ըսաւ. «Կը փափաքինք, որ միջազգային հանրութեան աջակցութեամբ բանակցութիւններ սկսին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միջեւ՝ բնակչութեան իրաւունքներու եւ երաշխիքներու բովանդակութեան շուրջ»։

Քոլոննայի տարածաշրջանային այցելութեան զուգահեռ՝ Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելն ալ յայտարարեց, որ Լաչինի միջանցքէն ներս Ատրպէյճանի անցակէտի տեղադրումը կը հակասէ՝ լարուածութեան թուլացման ուղղեալ Եւրոմիութեան կոչերուն։

Երեւան-Պաքու առկայ անհաղորդ վիճակին մէջ երէկ հերթական յայտարարութիւնները հնչեցին նաեւ Մոսկուայէն։ Ռուսաստան տեղեկացուց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները համաձայն գտնուած են բանակցութիւններ վարել իր տարածքին մէջ, իր միջնորդութեամբ։ Յստակ ժամկէտը տակաւին պիտի որոշուի։ Հայկական դիւանագիտական աղբիւրներն ալ հաստատեցին այս լուրը։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա նշեց, որ իր երկիրը անհրաժեշտ ջանքերը կը գործադրէ Լաչինի միջանցքի շուրջ իրավիճակի կարգաւորման համար՝ տեղւոյն վրայ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին գծով, ինչպէս նաեւ քաղաքական մակարդակով։ Բանբերին խօսքով՝ ռուսական կողմը կը ձգտի 9 նոյեմբեր 2020 թուականի հրադադարի եռակողմանի համաձայնութիւնը վերադարձնել իր հունին։

Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզինն ալ երէկ առանձին-առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Մոսկուայի մօտ Հայաստանի դեսպան Վաղարշակ Յարութիւնեանի եւ Ատրպէյճանի դեսպան Փոլատ Պիւլպիւլօղլուի հետ։ Քննարկուեցան Լաչինի միջանցքին եւ ընդհանրապէս Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակի իրադարձութիւնները։ Ռուսական կողմը վերահաստատած է հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ՝ երեք երկիրներու ղեկավարներու պայմանաւորուածութիւններուն ամբողջութեամբ պահպանման կարեւորութիւնը։ Հարկ է նշել, որ Կալուզին նախօրէին այցելած էր նաեւ Երեւան։

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանն ալ երէկ տեսակցեցաւ Արցախի մէջ տեղակայուած Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի նորանշանակ հրամանատարին՝ Ալեքսանտր Լենցովի հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան խաղաղապահ զօրակազմի գործունէութեան, Արցախի ապաշրջափակման, Լաչինի միջանցքի կարգի պահպանման, կենսական ենթակառուցուածքներու բնականոն գործունէութեան երաշխաւորման վերաբերեալ հարցեր։ Յարութիւնեան փոխանցեց Արցախի իշխանութիւններու ակնկալութիւնները Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրակազմէն, որպէսզի սեղմ ժամկէտներու մէջ ապահովուի Արցախ-Հայաստան երկկողմանի հաղորդակցութեան բոլոր խոչընդոտներու վերացումն ու անվտանգութիւնը՝ հրադադարի համաձայնութեամբ ստանձնուած պարտաւորութիւններուն համապատասխան։

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանն ալ նախընթաց օր յայտարարած էր, որ Լաչինի միջանցքը կը պատկանի Ռուսաստանին եւ այնտեղի բոլոր իրադարձութիւններուն պատասխանատուութիւնը կը կրէ այդ երկիրը։ «Հայաստան կը գտնուի շատ ծանր իրավիճակի մէջ, անվտանգութեան նոր երաշխիքներու փնտռտուքի մէջ է, խտացեալ ձեւով կը համագործակցինք Հնդկաստանի հետ», յայտնած էր Արմէն Գրիգորեան։

Ուրբաթ, Ապրիլ 28, 2023