ԴԱՏԱՎՃԻՌԸ ԱՆՓՈՓՈԽ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Գե­րա­գոյն դա­տա­րա­նը ե­րէկ մեր­ժեց Ատր­պէյ­ճա­նի եր­կու քա­ղա­քա­ցի­նե­րու՝ Տիլ­համ Աս­կերո­վի եւ Շահ­պազ Կու­լիե­ւի գոր­ծով վճռա­բեկ բո­ղո­քը։ Ա­նոնց­մէ մին դա­տա­պար­տուած էր ցմահ բան­տար­կու­թեան, իսկ միւ­սը՝ 22 տա­րուան ա­զա­տազրկ­ման։ Ա­նոնք մե­ղադ­րուած էին լրտե­սու­թեամբ, յար­ձա­կում գոր­ծե­լով եւ սպան­ու­թիւն կա­տա­րե­լով։ Աս­կերով եւ Կու­լիեւ դժգոհ են այս դա­տավ­ճի­ռէն ու կ՚ակն­կա­լեն ա­ւե­լի մեղմ պա­տիժ։ Ա­ւե­լի ա­ռա­ջ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Վե­րաքն­նիչ դա­տա­րա­նը եւս մեր­ժած էր ա­նոնց բո­ղո­քը՝ ան­փո­փոխ թող­լով դա­տավ­ճի­ռը։

«Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Տիլ­համ Աս­կե­րո­վի պաշտ­պա­ն փաս­տա­բանը Է­րիք Բեգ­լա­րեան յայտ­նեց, թէ հա­ւա­նա­կան է, որ իր պաշտ­պա­նեա­լը ա­պա­գա­յին դի­մէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նին՝ նե­րում շնոր­հե­լու խնդրան­քով։

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2015