ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ այցելեց Դամասկոս, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Սուրիոյ ղեկավարութեան կողմէ։ Նալպանտեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը Դամասկոսի մէջ տեսակցեցաւ Սուրիոյ Նախագահ Պեշար Էսատի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին կողմերը շեշտեցին երկու երկիրներու միջեւ խոր արմատներով պատմական յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը եւ անոնց ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը՝ ի շահ երկու երկիրներու եւ տարածքաշրջանի։ Էսատ կարեւոր դեր մը վերապահեց Հայաստանի կառավարութեան ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ եւ ընդգծեց տարածքաշրջանի իսկական պատկերը արեւմտեան երկիրներուն ներկայացնելու անհրաժեշտութիւնը։ «Հայ ժողովուրդի անցած տառապանքներուն ընդմէջէն այսօր կ՚անցնի սուրիացի ժողովուրդը՝ սպանութեան նոյն գործիքով, միայն տարբեր ճանապարհով ու նպատակներով», ըսաւ Էսատ։ Իր կարգին, Նալպանտեանն ալ դատապարտեց ահաբեկչական յանցագործութիւնները սուրիացիներուն դէմ։ Ան համոզուած է, թէ սպառնալիքը միասնական ու լուրջ ջանքեր կը պահանջէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար։
Դամասկոսի մէջ Նալպանտեան տեսակցեցաւ նաեւ Սուրիոյ Փոխ-վարչապետ ու Արտաքին գործոց նախարար Վելիտ Մուալլիմի հետ։ Երկու նախարարները քննարկումներ ծաւալելէ վերջ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Նալպանտեան այս առթիւ իր սուրիացի պաշտօնակցին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ այցելութեան հրաւէրին եւ իր գլխաւորած պատուիրակութեան նկատմամբ ջերմ ընդունելութեան համար։ Ան շարունակեց. «Այս այցելութիւնը տեղի կ՚ունենայ սուրիացի բարեկամ ժողովուրդի համար ծանր ժամանակաշրջանի մը մէջ։ Մենք խորապէս մտահոգուած ենք Սուրիոյ մէջ շարունակուող բախումներէն, ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամէն, երկրէն ներս ահաբեկիչներու գործողութեան հետեւանքով ստեղծուած բազմաթիւ զոհերէն եւ արհաւիրքներէն»։
Նալպանտեան յիշեցուց, թէ Սուրիոյ ճգնաժամի սկիզբէն ի վեր Երեւան միջազգային զանազան հարթակներէն մշտապէս բարձրաձայնած է Մերձաւոր Արեւելքի ու մանաւանդ Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակի անյապաղ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը, ահաբեկիչներուն աջակցելու անթոյլատրելիութիւնը։ Հայկական կողմը յառաջիկային եւս պիտի շարունակէ այդ խնդիրները միջազգային հանրութեան ուշադրութեան կեդրոնին պահելու։
«Մեր մշտական մտահոգութեան առարկայ է Սուրիոյ խաղաղ բնակչութեան, ներառեալ հայերու եւ միւս փոքրամասնութիւններուն վիճակը։ Այս առումով կը փափաքիմ մեր երախտագիտութիւնը յայտնել Սուրիոյ իշխանութիւններուն՝ հայկական համայնքի, մեր մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ հոգատար վերաբերմունքին համար։ Բանակցութիւններուն ընթացքին անդրադարձանք Սուրիոյ մէջ ճգնաժամի կարգաւորման եւ այդ ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերուն։ Համոզուած ենք, որ ճգնաժամի յաղթահարումը, խաղաղութեան հաստատումը հնարաւոր են բռնութիւններու դադրեցման, բոլոր շահագրգիռ կողմերու, բոլոր սուրիացիներու շահերը հաշուի առնող կառուցողական երկխօսութեան մը միջոցաւ», մատնանշեց Եդուանդ Նալպանտեան։
Դամասկոսի յայտարարութիւններուն ժամանակ Նալպանտեան կանգ առաւ նաեւ 2015-ի մթնոլորտին մէջ Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցւոյ ենթարկուած վայրագութիւններուն։ Ան ըսաւ, թէ այդ եկեղեցին ուխտավայր կը հանդիսանար աշխարհասփիւռ հայերուն համար։
ՌՄԲԱԿՈԾՈՒՄՆԵՐ
Միւս կողմէ, վերջին օրերուն Հալէպի շարք մը հայաշատ թաղամասերը ենթարկուեցան սաստիկ ռմբակոծումներու։ Այդ թաղամասներն էին Նոր Գիւղ, Սիւլէյմանիէ, Ազիզիէ եւայլն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, բարեբախտաբար զոհեր կամ վիրաւորեալներ չեն եղած, սակայն նիւթական լուրջ վնաս յառաջացած է։ Տեղացի հայերուն մօտ միշտ առկայ կը մնայ անորոշութեան ու վախի զգացումը։ Մշտապէս սպասելի են հաւանական տհաճ անակնկալները։
Հալէպի մէջ որոշ չափով բարելաւուած է ջուրի եւ ելեկտրականութեան մատակարարումը, սակայն համացանցը կը շարունակէ չգործել։