ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆ ԼՈՒՐՋ ՋԱՆՔԵՐ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի վերահաստատեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը խաղաղ ճանապարհով լուծելու անհրաժեշտութիւնը եւ այս ուղղութեամբ իր երկրին յանձնառութիւնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան օրուան առթիւ հրապարակած շնորհաւորական պատգամին մէջ Քերի ընդգծեց, թէ ԱՄՆ հաւատարիմ կը մնայ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հասնելու շարունակական ջանքերուն, կը պայքարի անդրազգային սպառնալիքներուն դէմ եւ յառաջ կը տանի իրաւունքի գերակայութիւնը։ Ան միեւնոյն ժամանակ գնահատեց Եւրոպայի ուժանիւթի աղբիւրներու տեսակաւորման գործին մէջ Ատրպէյճանի ունեցած դերը։
Մինչ միջնորդները կը շարունակեն ջանքեր գործադրել հիմնախնդրի կարգաւորման նպաստելու համար, դիւանագիտական երթեւեկն ալ կը մնայ ընթացքի մէջ։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կրիկորի Քարասին երէկ տեսակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկի հետ։ Մոսկուայի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ հանդիպման ընթացքին քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցը։ Քարասին եւ Կասպրչիկ շօշափած են արդիական հարցեր՝ կապուած հիմնախնդրի ներկայ իրավիճակին հետ։
Միջազգային դերակատարներուն վերաբերմունքը ներկայ հանգրուանին դրական արձագանգ կ՚ունենայ Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կարէն Նազարեան յայտնեց, թէ Երեւան կ՚ողջունէ Եւրոմիութեան դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ։ Ըստ իրեն, Ռիկայի մէջ տեղի ունեցած Արեւելեան գործընկերութեան գագաթաժողովին շրջագծով ընդունուած համատեղ հռչակագրին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման մասին ձեւակերպումը ամրաց-ւած մօտեցում մըն է առ այն, որ ԵՄ կը սատարէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ջանքերուն ու կը տեսնէ այդ հարցին կարգաւորումը՝ հիմնուած անոնց յայտարարութիւններուն վրայ։ «ԵՄ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ նման ձեւակերպումներով հանդէս եկած է նաեւ անցեալի մէջ եւ յոյս ունինք, որ այս ձեւակերպումը տեղ պիտի գտնէ նաեւ ապագայ բոլոր հիմնարար փաստաթուղթերուն եւ գագաթաժողովներու հռչակագրերուն մէջ», ըսաւ փոխ-նախարարը։
Միեւնոյն ժամանակ Նազարեան աւելցուց, թէ ԵՄ ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցին ներգրաւուած է նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ իր յատուկ ներկայացուցչին միջոցաւ։ Երեւան առաջին իսկ օրէն ողջունած է այդ նշանակումը ու բարձր գնահատած՝ ԵՄ-ի կողմէ զանազան առիթներով Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ջանքերուն ի նպաստ արտայայտուած աջակցութիւնը, որ ուղղուած է հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման։
Իր կարգին, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանն ալ յայտնեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքային ամբողջականութեան պահպանման համար ամէն ինչ պիտի կատարուի Հայաստանի կողմէ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան փոխ-նախարար Դաւիթ Տօնոյեան վերջերս հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած էր, թէ Ատրպէյճանի այսօրուան սպառազինութեան պայմաններուն ներքեւ 1994 թուականին Արցախի շուրջ ստեղծուած անվտանգութեան գօտին արդէն անբաւարար է։ Սոյն յայտարարութիւնը մեկնաբանելով՝ Սէյրան Օհանեան ընդգծեց, թէ անհրաժեշտութեան պարագային Հայաստան կրնայ ռազմական գործողութիւններու դաշտը տեղափոխել Լեռնային Ղարաբաղի տարածքը։ Այնուամենայնիւ, նախարարը ընդգծեց, թէ Հայաստան կողմնակից է հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման, բանակցային ճանապարհով լուծման։ Ռիկայի գագաթաժողովին ընթացքին ընդունուած հռչակագրին բովանդակութիւնը մեկնաբանելով՝ Օհանեան ըսաւ. «Սա այն ճանապարհն է, որ պիտի տանի երկխօսութեան եւ հակամարտութեան կողմերու միջեւ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման, ինչ որ շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հասնելու առումով»։ Բաց աստի, Սէյրան Օհանեան կարեւորեց տարածքաշրջանի երկիրներուն հետ համագործակցութիւնը։ Սա լուրջ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման տեսանկիւնէն։
Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ վերջին օրերուն հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Ստեփանակերտ այսպէսով պատասխանեց Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ տարածուած հաղորդագրութեան, ուր Եւրոմիութեան կոչ կ՚ուղղուէր՝ անվերապահօրէն հետեւիլ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւերուն։ Արցախի ղեկավարութիւնը այս կապակցութեամբ տեղեկացուց հետեւեալը. «Ատրպէյճան պէտք է ընտրութիւն կատարէ։ Շարունակել իր հանգիստը՝ պատրանքներու հիման վրայ, կամ ալ՝ իսկական քայլերու ձեռնարկել խաղաղ կարգաւորման առընչութեաբ՝ ընդունելով առկայ իրողութիւնները»։