ՖՈՒՔԱԻՏԷՍԻ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԸ
Յունական Կիպրոսի Պաշտպանութեան նախարար Խրիստոֆորոս Ֆուքաիտէս երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ տեսակցելու առընթեր, հիւր նախարարը քննարկումներ ծաւալեց Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Օհանեան եւ Ֆուքաիտէս Երեւանի մէջ սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Այս առթիւ յայտարարուեցաւ, թէ Հայաստանի եւ Յունական Կիպրոսի զինեալ ուժերը պիտի իրականացնեն համատեղ զօրավարժութիւններ։ Ֆուքաիտէս ըսաւ, թէ ռազմական ոլորտէ ներս կողմերու համագործակցութիւնը ուղղուած է բացառապէս խաղաղութեան ամրապնդման նպատակին։ Ըստ իրեն, արդի աշխարհի մէջ պետութիւնները պարտաւորուած են դիմագրաւելու ահաբեկչութեան, արմատականութեան նման վտանգներ։
Բաց աստի, Ֆուքաիտէս յայտարարեց, թէ Յունական Կիպրոս պատրաստ է իր ներդրումը ունենալու Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ։