ՆՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը կը պատ­րաս­տուին յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն ա­ռան­ձին հան­դի­պում­ներ ի­րա­կա­նաց­նել Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի հետ։ Ապ­րի­լի սկիզ­բին պա­տա­հած քա­ռօ­րեայ ռազ­մա­կան լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ, Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ հան­դի­պում մը ու­նե­ցած էին Վիեն­նա­յի մէջ։ Այդ գա­գա­թա­ժո­ղո­վին զու­գա­հեռ հա­սուն­ցած էր նոր ժա­մա­նա­կա­ցոյց մը, ըստ ո­րու յա­ջորդ ա­միս նա­խա­գահ­նե­րը պի­տի մէկ­տե­ղուին վերս­տին, իսկ մինչ այդ ա­նոնց տե­սակ­ցու­թեան նա­խա­պատ­րաստ­ման նպա­տա­կով շփում­ներ նա­խա­տե­սուած են ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու մա­կար­դա­կով։ Ներ­կա­յիս այդ գոր­ծըն­թացն է, որ կը շա­րու­նա­կուի։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Մա­յի­սի 31-ին Պրիւք­սէ­լի մէջ Էլմար Մա­մէ­տեա­րով պի­տի տե­սակ­ցի միջ­նորդ­նե­րուն հետ, իսկ Յու­նի­սի 2-ին Փա­րի­զի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Նալ­պան­տեա­նի եւ միջ­նորդ­նե­րուն հան­դի­պու­մը։

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վէն ներս մշտա­կան յանձ­նա­ժո­ղով­նե­րու հա­մա­տեղ նիս­տին ըն­թաց­քին նա­խըն­թաց օր Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան զրու­ցեց պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն հետ։ Այս առ­թիւ ան ե­րես­փո­խան­նե­րուն նկա­տառ­ման յանձ­նեց նաեւ միջ­նորդ­նե­րուն հետ նա­խա­տե­սուած յա­ռա­ջի­կայ հան­դի­պու­մը եւ ա­ւել­ցուց, թէ պի­տի քննար­կուին այն պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ձեռք բե­րուած էին Վիեն­նա­յի վեր­ջին հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ եւ ար­տա­ցո­լուած էին տե­սակ­ցու­թե­նէն վերջ կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ։ Նոյն հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Նալ­պան­տեան տե­ղե­կա­ցուց, որ Հա­յաս­տա­նի եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մի­ջեւ ռազ­մա­կան օգ­նու­թեան հա­մա­ձայ­նագ­րի մշակ­ման ու կնքման վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րը կը գտնուին ի­րենց օ­րա­կար­գին վրայ։ Բաց աս­տի ան ը­սաւ. «Բո­լոր աշ­խա­տան­քա­յին փաս­տա­թուղ­թե­րուն մէջ, ո­րոնք ցարդ քննար­կուած, բա­նակ­ցուած են ու ո­րոնք ի պահ դրուած են ԵԱՀԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րու­թեան գրա­սե­նեա­կը, գո­յու­թիւն ու­նի այն կէ­տը, թէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ պէտք է մաս­նակ­ցի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն, եւ ա­ռանց ա­նոր մաս­նակ­ցու­թեան անհ­նար պի­տի ըլ­լայ ո­րե­ւէ փաս­տա­թուղ­թի ստո­րագ­րու­մը»։

­Նա­խա­րար­նե­րու եւ միջ­նորդ­նե­րու մօ­տա­լուտ շփում­նե­րուն ըն­դա­ռաջ Նալ­պան­տեան տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ան­ճէյ Կասպր­չի­կի հետ, որ վեր­ջերս այ­ցե­լեց Ե­րե­ւան։ Կասպր­չիկ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մըն ալ ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեա­նի հետ։ Նալ­պան­տեան յա­ռա­ջի­կա­յին նա­խա­տե­սուած նա­խա­գահ­նե­րու նոր հա­ւա­նա­կան տե­սակ­ցու­թեան ըն­դա­ռաջ յայտ­նեց, թէ այդ փու­լին ո­րե­ւէ փաս­տա­թուղթ պի­տի չստո­րագ­րուի։ Ըստ ի­րեն, ո­րե­ւէ փաս­տա­թուղթ չկայ որ ստո­րագ­րուի։ Ո­րե­ւէ ստո­րագ­րու­թեան մա­սին խօ­սի­լը, նա­խա­րա­րին խօս­քե­րով, ոչ միայն վա­ղա­ժամ է, այլ նաեւ ա­նի­մաստ։ 

Իր կարգին, Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կարէն Նազարեանն ալ նշեց, թէ Երեւան ամէն ինչ կ՚ընէ Վիեննայի պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կոչելու համար։

Շաբաթ, Մայիս 28, 2016