ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի եւ տեղական մարմիններու ղեկավարներու համատեղ նիստը։ Տարեկան այս համագումարը արդէն 25-րդն էր։ Ժողովը գլխաւորեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ ի պաշտօնէ կը ղեկավարէ նաեւ հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդը։
Քննարկումներուն շրջագծով հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան ներկայացուց անցեալ տարուան աշխատանքներուն վերաբերեալ գործադիր վարչութեան հաշուետուութիւնը, որուն զուգահեռ ժողովականները հետեւեցան իրենց ներկայացուած տեսանիւթին։
Օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ հիմնադրամի «Մարաթոն-2016» հանգանակութիւնը եւ որոշուեցաւ անոր հասոյթը ամբողջութեամբ յատկացնել Արցախի վերականգնման ծրագրերուն՝ մանաւանդ, որ վերջին քառօրեայ ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով կարգ մը բնակելի շրջաններու պարագային յառաջացած է լուրջ վնաս։