«ԳԻԾ»Ի ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Վերջին օրերուն՝ մասնաւորապէս Հայաստանէ դուրս ապրող ընկերներ նամակներ կը գրեն՝ հարցնելու համար երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակի մասին։ Խնդիրը, անշուշտ, կապ ունի յառաջիկայ ամիս նախատեսուած ընտրութիւններուն հետ։ Առաջին փուլը երէկ աւարտեցաւ, երբ յայտարարուեցաւ, թէ պիտի մասնակցին 23 կուսակցութիւն եւ 4 դաշինք։ Նորութիւնը կամ «ցնցիչ»ը, անշուշտ, կուսակցութիւններու թիւն է։ Չես գիտեր՝ ե՛րբ «ստեղծուեցան», ի՛նչ պայմաններու տակ աճեցան եւ ի՛նչ «վճռակամութեամբ» պիտի մասնակցին ընտրութիւններուն։

Գալով Լիբանանին՝ ինծի համար մեծ հաշուով հասկնալի ու տանելի է, որ այդ երկրէն ներս որեւէ ընտրական պայքարի մասնակցին բազմաթիւ կուսակցութիւններ, որոնք առաւել չափով ունին համայնքային-կրօնական թեքում ու հակառակ Լիբանանի խճճուած վիճակին՝ կը փորձեն ստեղծել «համահունջ» դրութիւն մը միաս-նաբար կառավարելու համար երկիրը։  Հայաստանի պարագային կը հաւատայի, թէ առնուազն հրէշաւոր պատերազմէն վերջ պիտի ստեղծուէր տարբեր վիճակ մը եւ աշխատիլ պիտի սկսէր «երբ հայերը վտանգուած են, յայնժամ միակամ է» մօտեցումը… Բայց իրականութիւնը տեղ մը, իսկ իմ մտքիս մէջ եղած «իտէալական» գաղափարները այլ տեղ…

Մեծ տարակուսանքէ անդին, այստեղ կայ նաեւ ափսոսանքի մթնոլորտ մը, որովհետեւ բոլորս ալ շատ լաւ գիտենք, որ գալիք օրերուն ընթացք առնելիք ընտրապայքարը տարբեր որակ մը պէտք է ունենար։ Չի բաւեր, որ երկիրը վիրաւոր է, այլ նաեւ մեծ հաշուով վտանգուած է։ Գոյութիւն ունի համընդհանուր կորուստի վախ։ Արցախի մէջ պատահած դէպքերը, անկումները եւ մինչեւ հիմա «անբացատրելի» մնացած դիպաշարը հասարակութեան մէջ ստեղծած են թողլքումի, նահանջի, պարտութեան ցաւի պատճառով զգացումներ, որոնք եթէ շարունակուին ժողովուրդի մեծ տոկոսը պիտի բռնէ արտագաղթի ցաւոտ ճամբան։

Այս բոլորը մէկ կողմ, սակայն, ուղեղիս մէջ չի տեղաւորուիր այն փաստը, որ այսօր առկայ վիճակը ժողովրդավարութեան տեսակէտէ «իտէալական» վիճակ մըն է։ Սա այն իմաստով, որ ազատ երկիր է, ընտրական օրէնքի կանոնները կը յարգուին, քիչ մը փողի ու շեփորի գործիքները աւելցնելով ան կրնայ վազել դէպի ընտրութիւն… Մտահոգութենէ անդին, մէջս նաեւ մեծ հարցումներ կան, թէ Հայաստանի պետական համակարգի խոցելիութեան առընթեր, անոնք կ՚առընչուին մեր առողջ ազգ ըլլալու բնազանցական խնդրին։ Այս բոլորին տեղը, անշուշտ, այս գրութեան սահմաններուն մէջ չէ։

Խնդիրը այն է, որ առկայ ցաւը, նաեւ մեծ որոգայթները մէկդի դրած այդ մարդ-կուսակցութիւնները, որոնք յատկապէս անցնող օրերուն «աճեցան» առհասարակ, չկային Արցախի պատերազմի օրերուն… Ճիշդ է, որ նոյն կուսակցութիւնները պիտի «հալին» երթան ընտրութիւններէն յետոյ, սակայն, անոնք մեծ հաշուով պիտի վնասեն, որ Հայաստանի քաղաքացիին իրական ձայնը, իրական քուէն եւ յետպատերազմեան մտահոգութիւններու «քուէ»ն տեղ հասնի։ Պիտի վնասեն, գուցէ, բայց, լիայոյս եմ, թէ գործընթացին վնասելէ անդին՝ չեն կրնար ազդել ընդհանուր տրամադրութեան վրայ։

Ի վերջոյ, այսօր բոլորին ծանօթ է, որ պայքարը ունի մէկ հիմնական հուն։ Սա նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ու անոր գաղափարներուն ու փորձառութեան շուրջ համախմբուած ուժերուն եւ գործող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ու անոր «յեղափոխութեան» հետեւանքներուն կամ իշխանական ճիպոտին շուրջ բոլորուած մարդոց պայքարն է։ Մնացածը մանրամասնութիւններ են եւ անոնց մասին կարելի է խօսիլ այլ առթիւ։ Այս բոլորէն անդին, աւելի քան յստակ է, որ 2018 թուականին սկսած գործընթացներու պայքարն ալ կայ, որովհետեւ Հայաստանը իր բնական եւ ռազմավարական հունէն հանելու ուղղեալ բոլոր փորձերը մեծ հաշուով կործանարար եղած են երկրին համար։

Ես գիծին կը հաւատամ։ Այդ գիծին մէջ են նաեւ այն բոլոր ընկալումները, որոնց խմորումը կու գայ հեռաւոր Պէյրութի դիմադրական ոգիէն, Սուրիոյ մէջ տարուած հակաահաբեկչական մեծ պայքարէն, Եմէնի մէջ տարուող արդար իրաւունքի կռիւէն, Իրանի արտաքին քաղաքականութեան իմաստուն դրուածքներէն։ Ի վերջոյ ինչպէ՞ս պէտք է ապրիլ Հարաւային Կովկասի այս հատուածին մէջ, եթէ չըլլայ Անգարան զսպող ընկերներու բարեկամութիւնը, նաեւ Պաքուին մատ թափ տալու ուժը ունեցող բարեկամներու ներկայութիւնը։ Այս բոլորի կողքին, անշուշտ, կայ նաեւ Մոսկուայի լեզուն լիարժէք կերպով հասկցողներու բացակայութեան խնդիրը, որու հետեւանքով ալ գունաւոր յեղափոխութիւնները ատելով-ատող Ռուսաստան առաջուան համբերութիւնը եւ հասկացողութիւնը չունի փոքրիկ եւ արդէն իսկ վտանգուած Հայաստանի հանդէպ։

Պիտի չըսեմ, ոչ ալ խորհուրդ պիտի տամ, թէ ո՛վ, ի՛նչ պէտք է ընէ։ Սակայն, գիտեմ, թէ յաջորդ ընտրութիւնները նախ եւ առաջ «գիծ»ի ընտրութիւններ են ու այդ հիմքով ալ Հայաստանի քաղաքացիները (որոնց հպարտութիւնը մեծ հաշուով չարաշահուեցաւ) պէտք է քուէարկեն յառաջիկայ 20 յունիսին։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Ուրբաթ, Մայիս 28, 2021