«ԵՍ ՔԱՀԱՆԱՅ ԵՄ՝ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆԸ ՀԱՄԱՐ»

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնոդոսական Հայրեր,
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւն,
Լիբանանի Կաթողիկէ Պատրիարքներու եւ Եպիսկոպոսներու համաժողով,
Զմմառու Պատրիարքական կղերի Միաբանութիւն եւ Կապրոյեան ընտանիք,

Ցաւով իմացայ մահը՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս-Պատրիարքի։

Հոգեւոր Տիրոջ հետ ունէի գործակցութիւն։ Եւ իմ յաճախակի այցելութիւններուն եւ հանդիպումներուն՝ նաեւ ստեղծուեցաւ եւ զարգացաւ ծանօթութիւն։ Հոն ուր ճանչցայ Հոգեւոր Տէրը որպէս եկեղեցական առաջնորդ, հոգեւոր հայր եւ հայ մարդ։ Ունէր հետաքրքրութիւն՝ եթէ մէկ կողմէ Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան՝ բայց նոյնքան սփիւռքի տարածքին։ Եւ նկատի ունենալով իմ ծաւալած աշխատանքային եւ ճամբորդական բնագաւառները՝ կը փափաքէր իմանալ հոգեւոր եւ ազգային իրավիճակներու մասին տարբեր գաղութներու պարագային։ Ունէր համակ նուիրում հոգեւոր եւ քրիստոնէական ու աստուածաշնչական արժէքներու նկատմամբ։ Ան քանիցս ինծի յիշեցուցած է. «Ես քահանայ եմ՝ Քրիստոսի եւ ժողովուրդի ծառայութեանը համար»։

Եթէ տածեցի Հոգեւոր Տիրոջ նկատմամբ իմ յարգանքը՝ մեկնելով իր եկեղեցական դիրքէն եւ պատասխանատուութիւններէն, բայց նոյնքան տեսայ իր մէջ համեստ քահանայ-մարդը՝ որուն սրտին ու հոգիին մէջ կար նուիրումը եւ ծառայութեան գիտակցութիւնը՝ Քրիստոսի եւ ժողովուրդին եւ մեր հայկական իրականութիւններուն համար։ Եւ այս Հոգեւոր Տիրոջ եւ իր եկեղեցական կեանքի ու առաքելութեան Արժէքն էր՝ որուն համար ան նուիրեց իր կեանքը։ Եւ այսօր՝ այս կեանքը մեզի կը ձգէ որպէս Աւանդ։

Կը ցաւիմ, որ Լիբանանէն դուրս եմ եւ անձնապէս չեմ կրնար ներկայ ըլլալ եւ իմ ցաւակցութիւններս փոխանցել ըստ պատշաճի։ Անձնապէս՝ ինչպէս նաեւ Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան խնամակալ մարմնի եւ պաշտօնէութեան անունով՝ խնդրեմ ընդունեցէք մեր ցաւակցութիւնները։ Կ՚աղօթենք եւ Սուրբ Հոգիին մխիթարութիւնը կը հայցենք ձեր բոլորին՝ ինչպէս նաեւ Հոգեւոր Տիրոջ ընտանեկան հարազատներուն։

Յարգանք՝ Հոգեւոր Տիրոջ ապրած նուիրական կեանքին ու առաքելութեան։ Առաքելութիւն մը որ եղաւ ծառայութիւն՝ Քրիստոսի եւ ժողովուրդին համար։

Ցաւակցօրէն՝

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐ՝ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՈՑԻ
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ

Քուէյթ, 26 մայիս 2021

Ուրբաթ, Մայիս 28, 2021