ԱՐԱ ԱՅՎԱԶԵԱՆ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՒ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան յայտնեց, որ Արա Այվազեանի հրաժարականի պատճառներուն կապակցութեամբ տակաւին մեկնաբանութիւններ պիտի չտրուին։ Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան որոշման առնուելէն ի վեր Այվազեան կը պաշտօնավարէր նախարարի պաշտօնակատարի հանգամանքով, ինչպէս կառավարութեան միւս բոլոր անդամները։ Ան երէկ Երեւանի մէջ մասնակցութիւն բերաւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին, որմէ վերջ ան ներկայացուց իր հրաժարականը։

Հայաստանեան մամուլը շուրջ շաբաթէ մը ի վերկ՚անդրադառնար Արա Այվազեանի հրաժարականի հարցին։ Այդ լուրերը առաւել ուշագրաւ դարձած էին, երբ փոխ-նախարար Աւետ Ադոնց վերջին օրերուն Սիւնիքի մէջ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն ըրած էր զգայացունց յայտարարութիւն մը։ Աւետ Ադոնցի խօսքով՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեակ չէր՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ հրապարակուած այն եռակողմանի յայտարարութենէն, որ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ կը մշակուէր Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու սահմանա-գըծման նպատակով։ Սա առաւել կարեւորութիւն ստացած էր՝ մանաւանդ, որ աւելի քան երկու շաբաթէ ի վեր Ատրպէյճանի զօրքերը խախտած են Հայաստանի սահմանը։

Արա Այվազեան Արցախի երկրորդ պատերազմի հրադադարէն վերջ՝ 18 նոյեմբերին նշանակուած էր արտաքին գործոց նախարար՝ յաջորդելով Զօհրապ Մնացականեանին, որ հրադադարով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ նոյնպէս հրաժարած էր իր պաշտօնէն։ Այդ ժամանակ Զօհրապ Մնացականեանն ալ տեղեկացուցած էր, որ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ ստորագրուած հրադադարէն ինք տեղեակ չէր եղած։ Այսպէսով, Փաշինեանի վարչապետութեան շրջանին երկրորդ անգամ արտաքին գործոց նախարար մը պաշտօնէն հրաժարած կ՚ըլլայ Հայաստանի մէջ՝ վերջին շուրջ երեք տարիներու կտրուածքով։ Աւելի առաջ, նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի պաշտօնավարութեան տարիներուն արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը տասն տարի անխափան վարած էր Եդուարդ Նալպանտեան։ Երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտօնավարութեան տարիներուն ալ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը տասն տարի անընդմէջ վարած էր Վարդան Օսկանեան։

Ուրբաթ, Մայիս 28, 2021