ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ ՄԸ

«MVDR» գրասենեակը, աշխատելով չինացի «TUPDI» ընկերութեան ճարտարապետներուն հետ, քանի մը տարիէ ի վեր մշակած է ապագայապաշտ նախագիծ մը, որ յայտնի է Թիանցին Պինհայիի հանրային գրադարան անունով, կը գրէ «Luxury Launches» կայքէջը՝ մանրամասնելով, որ այնտեղ աւելի քան 1.2 միլիոն գիրք կայ։

Մինչ այդ, շէնքին նախասրահը կը յիշեցնէ հսկայ ադամանդագունդ մը։ Ան տեսանելի է կողքէն անցնելու պահուն։ Գրադարանը, որ հինգյարկանի է, անոր ներքին տարածութիւնը՝ յատակէն մինչեւ առաստաղ, ձեւաւորուած է ալիքներու տեսք ունեցող դարակներով, որոնք կարծես կը յիշեցնեն կոպերու գիծեր, իսկ կեդրոնը գնդաձեւ լսարանը՝ աչքի բիբը։

Գրադարանը Պինհայի շրջանի հինգ մշակութային վայրերու համալիրի մէկ մասն է. անոնք իրարու միացուած են ապակէ միջանցքով։ Չինական հանրային գրադարանի առաջին եւ երկրորդ յարկերու մէջ կան ընթերցասրահներ, գիրքեր եւ հանգիստի գօտիներ, իսկ վերի յարկերու մէջ համակարգչային տարրալուծարաններ, նիստերու դահլիճներ, գրասենեակներ եւ ձայնագրութեան սենեակներ։

Գրադարանի ընդհանուր մակերեսը կը կազմէ 33.700 քառակուսի մեթր։ Շէնքը կառուցուած է ընդամէնը երեք տարուայ ընթացքին։

Ուրբաթ, Մայիս 28, 2021