ՄԻԱՅՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի առկայ լարուածութեան թափը աճելու միտում ունի։ Աւելի քան երկու շաբաթէ ի վեր Ատրպէյճանի զօրքերը խախտած են Հայաստանի սահմանները զանազան կէտերէ։ Միջազգային յառաջատար դերակատարները ստեղծուած իրավիճակին մէջ իրերայաջորդ յայտարարութիւններով հանդէս կու գան, սակայն այդ բոլորը լոկ պատգամներ կը մնան եւ որեւէ գործնական արդիւնք խնդրոյ առարկայ չէ։ Առարկայական փաստը այն է, որ աւելի քան երկու շաբաթէ ի վեր Ատրպէյճան ոտնձգութիւն կը կատարէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան դէմ։

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելեց սահմանամերձ շր-ջաններ, ուր ընդգծեց, որ զիջումներ պիտի չկատարուին։ Օրուան տեւողութեան իր գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ նաեւ Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ։ Փաշինեան այս ժողովի ընթացքին շեշտեց, որ պայթիւնավտանգ իրավիճակ մը ստեղծուած է։ Այս պայմաններու ներքեւ ան շատ վիճելի առաջարկ մը օրակարգի վրայ բերաւ՝ խօսելով միջազգային դիտորդներու հրաւիրման մասին, որպէսզի անոնք տեղակայւին սահմանի Սոթք-Խոզնաւար հատուածին վրայ։ Այս առաջարկը բուռն քննադատութեան պատճառ դարձաւ ընդդիմութեան կողմէ՝ հաշուի առնելով երկրի ինքնիշխանութեան վերաբերեալ պարունակած վտանգները, նաեւ Հայաստանը մշտական բախումներու թատերաբեմի վերածելու ռիսքերը։

Առկայ ծանր իրավիճակին մէջ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան երէկ այցելութեան մեկնեցաւ Մոսկուա։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Մոսկուայէն հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Վաղարշակ Յարութիւնեանի հետ։ Ան զրուցեց նաեւ Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Արտակ Դաւթեանի հետ։

Օրուան տեւողութեան Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Աւետ Ադոնցն ալ մէկտեղուեցաւ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դեսպաններուն հետ, որոնց բացատրութիւններ տուաւ Ատրպէյճանի կողմէ սահմանի վրայ կատարուած սադրանքներուն շուրջ։

Իր կարգին, Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի փոխ-նախագահ զօրավար Եդուարդ Ասրեանն ալ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ ներկայ տագնապը ուժ գործածելով յաղթահարելու հաւանականութիւններուն շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի շուրջ հազար զինուոր կը գտնուի Հայաստանի տարածքին մէջ։ «Կրակելու հրաման կու տայ ոչ թէ քաղաքական՝ այլ ռազմական ղեկավարութիւնը», ըսաւ զօրավար Ասրեան եւ աւելցուց, որ հաւանական ուժի գործադրութեան պարագային սահմանը խախտած Ատրպէյճանի զինուորները փրկութեան յոյս պիտի չունենան։ Ան եւս մատնանշեց, որ սահմանի մարտավարական վիճակը յարաբերաբար լարուած է։ Հայաստանի բանակը կը փորձէ բանակցային ճանապարհով լուծել գերեվարուած վեց նոր հայ զինուորներու վերադարձի հարցը։ Այլապէս, Հայաստանի զինեալ ուժերը հնարաւորութիւն ունին որեւէ պայմանով Ատրպէյճանի զինուորները գերեվարելու, սակայն սա հարցի լուծում չ՚ապահովեր։

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Պաքու հանդէս կու գայ նոր գրգռութիւններով։ Ատրպէյճան պնդեց, որ Հայաստան Նախիջեւանի ուղղութեան վրայ կրակ բացած է։ Երեւանի աղբիւրները անմիջապէս պաշտօնապէս հերքեցին այդ պնդումները։

Միջազգային հարթութեան վրայ ալ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի լարուածութիւնը առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնէ օրակարգը։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբերը՝ Սթեֆան Տիւժարիք երէկ զսպուածութեան կոչ ուղղեց կողմերուն՝ տեղեկացնելով, որ սահմանի լարուածութիւնը մտահոգութեան պատճառ դարձած է։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կողմերուն կոչ ուղղեց խաղաղ եւ արագ կարգաւորել առկայ դէպքը։ Ուաշինկթըն կը մերժէ ուժի օգտագործումը, սահմանազատման համար կողմերը կը հրաւիրէ վերադառնալ իրենց նախկին դիրքերը։ Պետական քարտուղարութիւնը կոչ ուղղած է Ատրպէյճանին, որպէսզի վերադարձնէ իր զօրքերը մայիսի 11-ի ելման դիրքերը։ Նոյն կոչը ուղղուած է նաեւ Հայաստանին։ «Մենք նաեւ կը շարունակենք կոչ ուղղել Ատրպէյճանին՝ անյապաղ ազատ արձակել բոլոր ռազմագերիները եւ այլ ձերբակալուածները», յայտարարուած է պետական քարտուղարութեան կողմէ։ Ուաշինկթըն նաեւ կոչ ուղղած է կողմերուն՝ հնարաւորինս արագ վերադառնալ առարկայական բանակցութիւններու, Մինսքեան խմբակի համանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ։

Իր կարգին, պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընն ալ անդրադարձաւ հարցին ու շեշտեց, որ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիր՝ ԱՄՆ կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան երկարաժամկէտ քաղաքական կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններուն մէջ կողմերուն աջակցելու յանձնառութեան։

ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Շուէտի Արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէն յայտնեց, որ լուծման կարօտ բոլոր խնդիրները պէտք է խաղաղ ճանապարհով, բանակցութիւններու միջոցաւ կարգաւորուին։ Ըստ իրեն, ԵԱՀԿ մտահոգուած է սահմանի դէպքերու վերաբերեալ հաղորդումներով եւ պատրաստ է օժանդակելու կողմերու միջեւ վստահութեան ամրապնդման։

Մոսկուան ալ հերթական անգամ Երեւանին եւ Պաքուին կոչ ուղղեց, որպէսզի բոլոր հարցերը խաղաղ ճանապարհով կարգաւորուին։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ռուտենքօ երէկ առկայ տագնապին շուրջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Եւրոմիութեան Հարաւային Կովկասի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի հետ։

Փարիզի ղեկավարութիւնն ալ մտահոգութիւն յայտնեց վերջին դէպքերուն շուրջ։ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ կողմերը զսպուածութեան կը հրաւիրուին։ Ֆրանսական կողմը նշեց, որ սահմանազատումը բանակցութիւններու միջոցաւ պէտք է իրականացուի, որպէսզի կողմերէն մին կատարուած իրողութեան դէմ յանդիման չմնայ։

Ուրբաթ, Մայիս 28, 2021