ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԼՈՅՍԵՐՈՒ ՇՈՈՒ

Չինաստանի Շանհայ քաղաքին մէջ շքեղ ինքնաշարժներ արտադրող Հարաւային Քորէայի «Genesis» ընկերութիւնը, որ «Hyundai Motor Group»ի քովընտի ընկերութիւնն է, Չինաստանի մէջ կազմակերպած է լուսային շոու մը։ 3281 անօդաչու թռչող սարքերու օգնութեամբ կազմակերպած սոյն լուսային շոուն «Կինէս»ի համաշխարհային մրցանիշ սահմանած է։

Շանհայի մէջ «Genesis»ի լուսային շոուի ժամանակ, որ նուիրուած է «Genesis G80» ինքնաշարժի թողարկման, անօդաչու թռչող սարքերու օգնութեամբ գիշերային երկինքի վրայ լուսաւորուած են շարք մը «3D» պատկերներ. ինչպէս՝ «Genesis G80» եւ «GV80» ինքնաշարժի պատկերները: Հուանպու գետի վրայ ջրային շոու ցուցադրելու համար անօդաչուները թռչած են գետի զանազան հատուածներէն։

Մինչ այդ, 3281 անօդաչուներով լուսային շոուն գերազանցած է «Կինէս»ի մրցանիշներու գիրքին մէջ յայտնուած նախորդ մրցանիշէն, որու ժամանակ օգտագործուած է 3051 անօդաչու թռչող սարք։

Ուրբաթ, Մայիս 28, 2021